Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի մահուան Բ տարելիցին առիթով Սուրբ պատարագ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկու տարի առաջ` 31 դեկտեմբեր 2022, այս աշխարհէն կը հեռանար` Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 265 Քահանայապետ, Պենետիկտոս ԺԶը որ Սուրբ Պետրոս յաջորդ ընտրուած էր 19 ապրիլ 2005ին ու Քահանայապետութենէն հրաժարած 2013ի փետրուարին։
Անոր մահուան տարելիցին առիթով Քրիստոնեաներուն միութեան խթանման Վերատեսչութեան վերատեսուչ` Կարդինալ Քիւրտ Քոխ Վատիկան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի գետնադամբանին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը, որուն առիթով ներկայացուցած քարոզին մէջ մեծարեց Ժոզէֆ Ռացինկեր Պապին տիպարը ընդգծելով` որ անոր գոյութիւնը միշտ հիւսուած եղած է Զատկական խորհուրդով որ փրկութեան ու յոյսի խորհրդանիշն է։
Կարդինալ Քոխի քարոզին կեդրոնական նիւթերը եղած Զատկական Խորհուրդին կեդրոնականութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կեանքին մէջ ապա Աստուծոյ Խօսքը որուն մէջ Ռացինկեր Պապը տեսաւ Աւետարանին ու անոր առաքելութեան սիրտը որմէ մեկնելով է որ ան իր աստուածաբանական խորհրդածութեամբ ջանաց բացայայտել Աստուծոյ ու անոր սիրոյն իմաստը։
Պենետիկտոս 16-րդ հրաւէրն էր՝ վերագտնել Աստուած եւ զայն դնել կեանքի կենտրոնին մէջ, ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ ան յաճախ ընկալուած է որպէս կողմնակի կամ աւելորդ:
«Այս կենտրոնականութիւնը անոր թողած մնայուն ժառանգութիւնն է, Աստուծոյ կենդանի իրականութեան վկայութիւնը, որը տեսական հասկացողութիւն չէ, այլ գործնական և կենսատու ներկայութիւն» դիտել տուաւ Կարդինալ Քոխը ապա մատնանշեց Պենետիկտոս ԺԶ այլ մէկ ուսուցումի մը հայող յաւիտենական կեանքին։
Յաւիտենական կեանքը արդարեւ ներկայ է Սուրբ Հաղորդութեան մէջ եւ անիկա չի սկսիր միայն մահուընէ ետքը, այլ այս երկրային աշխարհի մեր կեանքին մէջ, Աստուծոյ հետ հաղորդութեան միջոցաւ, եւ յատուկէն Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։
«Պենետիկտոս ԺԶ իր հոգեւոր կեանքին մէջ Սուրբ Զոհին մէջ գտաւ երկնքի մէջ ձեռք բերուած երանութիւններուն կանխատեսումը» յարեց ի միջի այլոց Կարդինալ Քոխը որ ապա ակնարկեց Մահամերձ Քահանայապետի վերջին խօսքերուն. «Տէր քեզի կը սիրեմ» որոնք կ՛արտայայտեն Ռացինկերի անվերապահ սէրը Աստուծոյ, սէր որ կապն է որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ կը միացնէ Աստուծոյ եւ միւսներուն հետ։
Եկեղեցւոյ և աշխարհի մը մէջ, որը յատկանշուած է անորոշութիւններով և մարտահրաւէրներով, Պենետիկտոս ԺԶ-ը ցոյց տուաւ դէպի յոյս, իմաստ և փրկութիւն տանող ճանապարհը, որոնք պարգեւուած են Աստուծոյ Խօսքով և աստուածային սիրով:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ