Ֆրանչիսկոս Պապը մօտիկ է Ուքրանիոյ ժողովուրդին իր ողորմնաբաշխին միջոցաւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Ուքրանիա դարձեալ պիտի ուղարկէ Իր Ողորմնաբաշխը
«Ֆրանչիսկոս Պապ ամէն օր կ՝աղօթէ մարտիրոսացած Ուքրանիոյ համար, սակայն շօշափելով կերպով այս օրերուն կը փափաքի ներկայ ըլլալ անոնց քով, այն օրերուն երբ կը նշենք Յիսուսի Ծննդեանն տօնը» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ ու աւելցուած է, որ Ողորմանաբաշխը Ուքրանիա պիտի երթայ մեծ բժշկական քամբերով՝ փոքրիկ շարժական հիւանդանոցով, ուր կարելի է վիրահատութիւններ կատարել ու հետը պիտի տանի վեց ձայնանկարներ, որոնք պիտի տրուին աւերուած եւ ռմբակոծուած հիւանդանոցներուն։
Դէպի Ուքրանիա ճամբորդութեան ընթացքին ծիրանաւորը պիտի այցելէ համայնքները, ժողովուրդին հանդիպելու համար ու պիտի փորձէ անոնց սիրտերուն մէջ «Յոյսի դուռ» բանալ, ինչպէս նաեւ պիտի աղօթէ այդքան ցանկալի խաղաղութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ