Գերապայծառ Կալլակէր կը մեկնի Ազրպէյճան
Վատիկան Նիուզ
13էն 16 դեկտեմբեր Վատիկանի Պետութիւններու ու Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Կարդինալ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր պիտի այցելէ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն ուր պիտի օրհնէ տարածք ու անկիւնաքարը այնտեղ կառուցուելիք նոր Եկեղեցւոյ որ պիտի նուիրուի է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին։
Ըստ Պետական Քարտուղարկութեան X հարթակի վրայ տարածածա յայտագիրին Գերապ Կալլաէր վաղը 14 դեկտեմբերին, հանդիպում պիտի ունենայ երկինր մէջ ծառայող կղերական դասին հետ ու պիտի այցելէ «Meryem merkezi» կրթական կեդրոնը, Գթութեան քոյրերու հասարակութիւնը։ Ան ապա պիտի օրհնէ տարածքը ուր պիտի կառուցուի նոր եկեղեցին։
Կիրակի 15 դեկտեմբերին, Գերապ. Կալլակէր պատարագ պիտի մատուցէ Պաքուի Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ մէջ ապա հանդիպում պիտի ունենայ Շէյխ Ուլ Իսլամ Ալլահշուքուր Խաշազատէի հետ, մինչ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումը նախատսուած է երկուշաբթի 16 դեկտեմբերին որուն պիտի հետեւի Արգտործ Նախարար Ժէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ