ԵԱՀԿ. Գերապայծառ Կալլակեր. Սուրբ Աթոռը մտահոգ է բաժանումներու առումով, վերականգնել երկխօսութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Հելսինքիի եզրափակիչ վաւերաթուղթէն վերջին յիսուն տարիներուն, ԵԱՀԿ-ն ունեցաւ ըլլայ յաջողութիւններ, ըլլայ մարտահրաւէրներ, սակայն վերջերս ականատես եղանք անդամ պետութիւններու միջեւ վստահութեան աճող խզումին, որուն կ՝ընկերանայ գաղափարական յարձակում եւ հիմնարար սկզբունքներու անտեսում», ըսաւ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Արք. Փոլ Ռիչար Կալլակեր, Մալթայի մէջ գումարուած Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան նախարարներու 31-րդ նիստի ընթացքին ու կոչ ըրաւ վերականգնելու երկխօսութեան եւ համագործակցութեան ոգին՝ զգուշացնելով թէ «հակառակ դէպքին կազմակերպութիւնը կրնայ ոչնչանալ»։
Ելոյթին մէջ Արք. Կալլակեր Սուրբ Աթոռի մտահոգութիւնը յայտնելով աճող մասնատման եւ պառակտման առնչութեամբ, որ կը խոչընդոտեն ԵԱՀԿ-ի աշխատանքները, մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին նախազգուշացումը «գաղափարապէս միատարր» անկումներու ստեղծման դէմ ընդգծելով, որ նոյնիսկ ընդհանուր բարօրութեան նուիրուած գործակալութիւնները բեւեռացումի պատճառով կարելի է որ ենթարկուին կաթուածահարութեան վտանգին։
Ան վերյիշեց Հելսինքիի եզրափակիչ վաւերաթուղթը, որ կը նպաստէ խաղաղութեան՝ որպէս պետութիւններու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան արդիւնք եւ ոչ թէ հակամարտութիւններու բացակայութիւն։ Արքեպիսկոպոսը անդրադարձաւ ԵԱՀԿ-էն ներս բաժանումներու եւ համաձայնութեան պակասին՝ առանցքային պաշտօններ նշանակելու դժուարութիւններով եւ ապագայ նախագահութեան վերաբերեալ պաշտօնական քննարկումներու բացակայութեամբ՝ նախազգուշացուց որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կ՝արտացոլայ ԵԱՀԿ-ի արդիւնաւէտութեան մարտահրաւէրները ընդգծելով համբերատար երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու կարեւորութիւնը, քան թէ ուժի կիրարկումը։
Արք Կալլակեր ելոյթը աւարտեց յորդորելով պահպանել ԵԱՀԿ-ը որպէս մէկ ֆորում՝ իրական երկխօսութեան եւ համաձայնութեան վրայ հիմնուած որոշումներ կայացնելու համար, ընդգծելով կազմակերպութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը այն ժամանակ երբ երկխօսութիւնը առանցքային է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ