Յոբելենական տարին ապրիլ Վատիկանեան լրատուամիջոցներու միջոցաւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Յոյսի յոբելեանը» որ սկիզբ կ՝առնէ Սուրբ դուռին բացումով, յառաջիկայ 24 դեկտեմբերի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած արարողութեամբ, կը ներկայացնէ կարեւոր հնարաւորութիւն հաւատացեալներուն՝ ապրելու համար հոգեւոր վերանորոգումի պահ մը։
Քահանայապետը դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան մէջ խնդրած էր աղօթել ու նախապատրաստուիլ ` «որպէսզի այս յոբելեանը զօրացնէ մեզ հաւատքի մէջ՝ օգնելով ճանչնալ յարութիւն առած Քրիստոսը մեր կեանքին մէջ և մենք մեզ վերածելու քրիստոնէական յոյսի ուխտաւորներ»։
Յոբելեանը համայն Եկեղեցւոյ համար կարեւոր իրադարձութիւն է եւ անոր առթիւ կազմակերպուած բոլոր միջոցառումները` սկսեալ Սուրբ Դռան բացման արարողութենէն, պիտի տարածուին Վատիկանեան լրատուամիջոցներու միջոցաւ` «Վատիկան Նիուզ»ը, «Ռատիօ Վատիկան»ը եւ «Վատիկան Մետեան» հնարաւորութիւն ընծայելով բոլորին ճիշտ ժամուն եւ ըստ պահանջի մասնակցելու ու հետեւելու յոբելենական ձեռնարկներուն, տարբեր լեզուներով ու բազմազան բովանդակութեամբ նիւթերու շնորհիւ։
«Վատիկանի Նիւզ»ի բազմալրատուամիջոցային կայքը պիտի սփռէ բարձրորակ կարճ ամփոփ տեսանիւթեր, հարցազրոյցներ, պատկերացումներ, խորհելու համար յոբելեանի նշանակութեան մասին ժամանակակից ընկերութեան մէջ։ Մինչ բոլոր անոնք` որոնք չեն կրնար Հռոմ ժամանել, հնարաւորութիւնը պիտի ունենան Վատիկանեան լրատուամիջոցներու միջոցաւ իրենց զիրենք մօտիկ զգալու այդ յոբելենական Սուրբ Տարուան միջոցառումներուն, ձայնային եւ տեսերիզային ծրագիրներու միջոցաւ, կապ ստեղծելով թուային աշխարհի եւ հոգեւոր հարթութեան միջեւ։
Յայտնենք, թէ «Վատիկան Նիուզ»ի նպատակն է ուղեկցիլ իւրաքանչիւր հաւատացեալի՝ հաւատքի, յոյսի եւ հաղորդակցութեան ուղեւորութեան մէջ յոբելեանը դարձնելով հարստացնող փորձառութիւն եւ հասանելի բոլորին, համահունչ քրիստոնէական աւանդութիւններուն խոր արմատներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ