Որոնել

Սուրբ Պետրոս հրապարակի Մսուրի բացումը եւ տօնածառի լուսաւորումը

Արարողութեան ներկայ էին Կրատօ եւ Լետրօ քաղաքներէն ժամանած պատուիրակութեան անդմաները համապատասխանաբար այս տարուայ Մսուրին ու Տօնածառին նուիրատուները։ Մսուրն ու ծառը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի մնան մինչեւ 12 Յունուար 2025` որ կը զուգադիպի Յիսուսի Մկրտութեան տօնին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ 7 դեկտեմբեր 2024ի երեկոյեան ժամը 18.30ին Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Ծննդեան Մսուրին բացումի եւ տօնածառին լուսաւորումի արարողութիւնը մասնակցութեամբ Մսուրի ու Տօնածառի նուիրատու քաղաքներու ներկայացուցիչներուն, որոնք առաւօտեան հանդիպում ունեցած էին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։ Արարողութիւնը գլխաւորեց Վատիկան Պետութեան Կառավարութեան Նախագահ Կարդինալ Ֆերնանտօ  Վերկէս Ալծական եւ Քոյր Ռաֆֆաելլա Փեթրինի` կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար։

Արարողութեան ներկայ էին Կրատօ եւ Լետրօ քաղաքներէն ժամանած պատուիրակութեան անդմաները համապատասխանաբար այս տարուայ Մսուրին ու Տօնածառին նուիրատուները։

Մսուրն ու ծառը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի մնան մինչեւ 12 Յունուար 2025` որ կը զուգադիպի Յիսուսի Մկրտութեան տօնին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2024, 19:25