Որոնել

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքան Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքան  (Vatican Media)

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի դրան բացումը

Յոբելինական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս Հռոմի թեմի տեղակալ,կարդինալ Պալտասար Ռէյնայի նամակը՝ ուղղուած Հռոմի թեմին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յոբելինական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոսը Կարդինալ Պալտասար Ռէյնա նամակ մը յղեց Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի դրան բացումին կապակցութեամբ։

Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոս, կարդինալ Պալտասար Ռէյնա նամակին մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները մասնակցելու Յոբելինական Սուրբ Տարուան ու ընդգծեց այդ միջոցառումը բնութագրող համերաշխութեան եւ հոգեւորականութեան կարեւորութիւնը։

Նամակի մէջ կը եպիսկոպոսը յիշեց Սուրբ Գիրքին մէջ յոբելինական սուրբ տարուան արմատները, ընդհանուր ներում ստանալու հնարաւորութիւնը, ընդգծելով թէ ինչպէս Սուրբ Տարին շնորհքի եւ բոլոր հաւատացեալներու վերանորոգումի առիթ։

Հռոմի թեմի տեղակալը նամակին մէջ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Յոբելինական Սուրբ Տարուան «Յոյսի ուխտաւորներ» վերնագիրին ընտրութեան, նշելով որ Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքն է խթանել միութեան արժէքները, արդարութիւնն ու սէրը պատերազմներով եւ բաժանումներով բնորոշուած աշխարհի մէջ։ Կարդինալ Ռէյնա նշեց որ սուրբ դուռը, Փրկութեան եւ Քրիստոսի խորհրդանիշը, աստուածային շնորհքի եւ հաւատացեալին միջեւ հանդոպումի վայր է, որ հաւատքի ուղեւորութեան հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ՝ ապաշխարութեան եւ հաշտեցումի միջոցաւ։

Հռոմի թեմի տեղակալը նշեց, որ 29 դեկտեմբերին, Սուրբ Ընտանիքին տօնին օրը Պազիլիքայի սուրբ դրան բացումը կը նշանաւորէ ճանապարհորդութեան մը սկիզբը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 2025 սուրդ դրան փակումը։

Առաքելական նամակին մէջ Հռոմի թեմի եպիսկոպոսը ընդգծեց ուխտաւորները ողջունելու կարեւորութիւնը եւ տաճարի հասանելիութիւնը՝ ուխտաւորները հոգեպէս առաջնորդելու, յայտնելով Եկեղեցւոյ փափաքը որ է դառնալ հիւրընկալութեան եւ Աստուծոյ հետ հանդիպելու վայր։

Ի վերջոյ Կարդինալը Հռոմի թեմի ուղղած նամակին մէջ նշեց, որ այս հրաւէրը ոչ միայն կրօնական միջոցառումի մասնակցելու հրաւէր է, այլ կոչ է դէպի դարձի եւ հաւատքի հաւատարիմ կեանքի, որուն միջոցաւ հաւատացեալները կրնան վերագտնել ապրելու յոյսն ու ուրախութիւնը Աւետարանի սկզբունքներուն լոյսին ներքոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2024, 09:17