Որոնել

2024.12.16 ACEA

Լոյս եւ ջուր, գեղեցկութիւն եւ կեանք. «Acea»ի յանձնառութիւնը Յոբելեանի համար

Ներկայացուեցան «Acea» ջուրի, միջավայրի եւ ուժանիւթի կառավարման իտալական ընկերութեան Սուրբ Տարուան առիթով նախաձեռնութիւնները. սիւնաշարի արձաններու նոր լուսաւորութիւն եւ 14 նոր «Ջուրի տուներու» տեղակայում, որոնք խմելու ջուր պիտի մատակարարեն ուխտաւորներուն եւ զբօսաշրջիկներուն Քահանայապետական Եկեղեցիներուն մօտ եւ յոբելենական երթուղիներու երկայնքով։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սուրբ Պետրոս հրապարակի սիւնաշարի արձաններու նոր լուսաւորութիւն եւ 14 «Ջուրի տուներու» տեղակայում, որոնք անվճար կերպով կը յագեցնեն ուխտաւորներու եւ զբօսաշրջիկներու ծարաւը. երկու նախաձեռնութիւններ «Acea» ջուրի, միջավայրի եւ ուժանիւթի կառավարման իտալական ընկերութեան կողմէ՝ ի նշան Յոբելեանի, որոնց ներկայացումը կատարուեցաւ երկուշաբթի՝ 16 Դեկտեմբերին, «San Pio X» սրահի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:

Սուրբ Պետրոսի սիւնաշարի լոյսի արուեստը

Ելոյթ ունեցողներու շարքին էր Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-վերատեսուչ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան, որ բացատրեց թէ Սուրբ Պետրոս Հրապարակի կոր սիւնաշարի վրայ տեղադրուած 140 արձանները՝ «սուրբերու խորհուրդ» մականունով, շնորհիւ լուսաստուերային խաղով առանձնայատուկ լուսաւորութեան, տեսանելի պիտի ըլլան անգամ գիշերուան խաւարին մէջ, որով կը թուի շօշափելի պիտի դարձնեն հոգեւոր երկխօսութիւնը:

Ուխտաւորներուն հասանելի ջուր

Լուսաւորութենէն զատ, միջամտութիւնները ջուրին կը վերաբերին։ «Acea-ն կը պատրաստուի յագեցնելու հազարաւոր ուխտաւորներու ծարաւը, ըսաւ «Acea»ի նախագահ Պարպարա Մարինալին, յստակեցնելով, որ «կը տեղակայուին 14 «Ջուրի տուներ» յոբելենական երթուղիներու երկայնքով եւ գլխաւոր Պազիլիքաներու մօտ՝ 2ը Վատիկանի, 12ը Հռոմի տարածքին մէջ, որոնք կը գումարուին քաղաքի մէջ գոյութիւն ունեցող 2500 ցայտաղբիւրներուն: «Ոչ մէկ քաղաք աշխարհի վրայ կրնայ պարծենալ այսպիսի ջրային աւանդութեամբ» շարունակեց Մարինալին՝ բացատրելով, որ վերոնշեալ «տուները»՝ անվճար ջուր սպասարկելէն զատ, արհեստագիտական տեսանկիւնէ առաջադէմ կայաններ են, որտեղ հնարաւոր է տեղեկութիւններ ստանալ եւ ուր կարելի պիտի ըլլայ վերալիցքաւորել բջջային հեռախօսներ։

Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի օրհնէ «Ջուրի տուները»

Չորեքշաբթի՝ 18 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի օրհնէ Վատիկանի տարածքի մէջ գտնուող երկու «Ջուրի տուները»։ Մեծ նշանակութիւն ունեցող խորհրդանշական ժեստ, քանի որ Յոբելենական Սուրբ Տարուայ ընդառաջ կը միաւորուին եւ կը թարմացուին ջուրի հետ կապուած բազմաթիւ իմաստներ՝ ջուրը կեանքի անհրաժեշտութիւն, ջուրը ծիսակատարութիւն, ջուրը Ողորմասիրութիւն:

Քարտէզագրուած աղբիւրներով յատուկ յաւելուած

Գործարկուած է նաեւ «Acquea» նոր յաւելուածը բջջային հեռախօսներու համար, ուր քարտէզագրուած են խմելու ջուրի ցայտաղբիւրները՝ մատակարարուող ջուրի որակի մասին համապատասխան տեղեկատուութեամբ երեք լեզուներով՝ իտալերէն, անգլերէն եւ սպաներէն:

Պատանիներու Յոբելեանը

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան տեղեկացուց նաեւ, որ «Acea»ն պիտի աջակցի դեռահասներու Յոբելեանին․ Ապրիլ 25էն 27ը մայրաքաղաք Հռոմը պիտի հիւրընկալէ տասներկուէն տասնեօթ տարեկան շուրջ 100 հազար երիտասարդներու, որոնք պիտի իրազեկեն դպրոցներու մէջ կրթական նախագիծի ծիրէն ներս ջուրի պաշտպանութեանն ուղղուած գործողութիւններու մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2024, 10:00