Որոնել

Գերպ Կապրիէլ Քաչչիա Գերպ Կապրիէլ Քաչչիա 

Գերպ Քաչչիա. Աղքատութեան դէմ պայքարը բարոյական հրամայական է

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ, Գերպ Կապրիելէ Քաչչիա իր ելոյթին մէջ ընդգծեց զարգացումին ֆինանսաւորման առաջնահերթ նպատակները. Պարտքի ջնջումը, որ հիմնարար նշանակութիւն ունի առաւել փխրուն ազգերու արժանապատւութիւնը ու աճը երաշխաւորելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Դեկտեմբեր, 6-ին, Նիւ Եորքի մէջ կայացած զարգացումի ֆինանսաւորման չորրորդ համագումարի նախապատրաստական կոմիտէի հանդիպումի ժամանակ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ գերպ. Կապրիէլէ Քաչչիա ընդգծեց ներկայ համաշխարհային մարտահրաւէրները դիմակայելու համար երեք հիմնարար նպատակներ, շրջակայ միջավայրը, զարգացող երկիրներուն պարտքերու վերացումը եւ աղքատութեան դէմ պայքարը։
Գերպ Քաչիա իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, թէ ինչպէս մինչեւ այսօր գործադրուած ջանքերը չեն կարողացած նուազեցնել անհաւասարութիւնները եւ խոցելիութիւնները, որոնք կը սրեն միջազգային նոր մարտահրաւէրներ։

Շօշափելի գործողութիւններ

Ըստ ՄԱԿ-ը մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդին հազարամեակի զարգացման նպատակներուն եւ մարդկային համապարփակ զարգացման զգալի յառաջընթացքին հասնելու համար անհրաժեշտ է բաշխել մատչելի ֆինանսական կենսամիջոցները աւելի շօշափելի ձեւով։ Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան ուղղուած գործողութիւնները, յատկապէս աւելի քիչ զարգացած երկիրներու մէջ, կղզիներուն եւ քիչ ծով ունեցող երկիրներուն մէջ ռազմական են ապագայ ֆինանսական ջանքերը ուղղորդելու համար։

Ջնջել պարտքը

Գերպ Քաչիա ընդգծեց նաեւ զարգացող երկիրներուն մէջ պարտքը ջնջելու կարեւորութիւնը, նիւթ մը որուն կ՝աջակցի Սուրբ Աթոռը եւ կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապին «Spes non confundit» կոնդակը։

Աղքատութեան դէմ պայքար

Ի վերջոյ սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը կարեւորեց աղքատութեան վերացումը, զարգացումի ֆինանսաւորման միջազգային համաժողովին օրակարգի առաջնահերթութիւններուն շարքին մէջ ներառնելու հրատապութիւնը։

Գերպ Քաչիա յայտարարեց, որ աղքատութիւնը կը գերազանցէ զուտ տնտեսական հարցը, ներկայացնելով մարդկային արժանապատուութեան լուրջ խախտում եւ հանդիսանալով էական խոչընդոտ կայուն զարգացման համար։

Գերպ Քաչչիա ելոյթը աւարտեց ընդգծելով անհաւասարութիւնները վերացնելու, շրջակայ միջավայրի կայունութիւնը խթանելու , պարտքերը չեղարկելու, աղքատութեան դէմ պայքարելու շօշափելի գործողութիւններուն կարեւորութիւնը, կեդրոն դնելով մարդկային արժանապատուութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2024, 12:18