Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. Սուրիոյ մէջ բոլորին համար թող յարգանքի ապագայ ըլլայ

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Միլանոյի Սուրբ Սիրտ Կաթողիկէ համալսարանին մէջ ներկայ եղաւ Իսլամական աշխարհի հետ երկխօսութեան նուիրուած հանդիպումին։ «Կամուրջներ կառուցելու հնարաւորութիւն»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ իրադարձութիւններուն արագ զարգացման կապակցութեամբ, ուր Ասատի վարչակարգը, որ ամուր կը թուէր տապալեցաւ։

Միալնոյի Սուրբ Սիրտ կաթողիկէ համալսարանին մէջ հանդիպումի ընթացքին, կարդինալ Փարոլին ընդգծեց այն յոյսը, որ անցումային կառավարութիւնը պէտք է յարգէ համայնքները ներառեալ քրիստոնեաները։

Հանդիպումի աւարտին, մեկնաբանելով աշխարհի մէջ ընթացիկ հարցերու մասին լրագրողներուն հարցումները, որոնց շարքին 72 ժամ առաջ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կարդինալ Փարոլին նշեց, որ «կը կարծեմ որ բոլորս մտահոգ ենք Սուրիոյ մէջ ունեցող իրադարձութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ իրադարձութիւններուն արագութեան համար։ Դժուար է հասկնալ թէ ինչպէս կը կատարուին, ըսաւ կարդինալ աւելցնելով որ «Իմ վրաս տպաւորութիւնը կը ձգէ այն բանը, որ համակարգ մը՝ որ այնքան ուժեղ եւ ամուր կը թուէր, կարճ ժամանակուայ մէջ ամբողջութեամբ ոչնչացաւ»։

Կարդինալ Փարոլին ապա հրաւիրեց խոհեմութեան, հաստատելով որ վաղաժամ է կանխատեսել ապագային զարգացումները եւ ընդգծեց բաց եւ բոլորը յարգող համակարգի եւ  Սուրբ Աթոռի դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝  երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան խթանման գործին մէջ, չ՝ունենալով հանդերձ պաշտօնական դերակատարութիւն աշխարհի բոլոր պատերազմներուն մէջ՝ ներառեալ Ուքրանիոյ մէջ։

Միլանոյի կաթողիկէ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած միջոցառումը առիթ ըլլալով ամրացնելու տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներուն միջեւ կամուրջները, կարդինալ Փարոլին նշեց «ես գոհ եմ, որ Կաթողիկէ համալսարանին նման հաստատութիւն մը խթան կը դառնայ նախաձեռնութեան մը, որ թոյլ կու տայ իրար հասկնալու, խորացնելու փոխադարձ գիտելիքներն ու համագործակցութիւնը»։

Ծիրանաւոր խօսքը աւարտեց հաստատելով, որ այսօրուայ մարտահրաւէրը կը կայանայ այն բանին մէջ որ պէտք միասին համագործակցիլ պատասխանելու համար բազմաթիւ խնդիրներու եւ դժուարութիւններուն, որուն մէջ աշխարհը կ՝ապրի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2024, 13:05