Որոնել

Վատիկանի դատարանի նախագահ Վատիկանի դատարանի նախագահ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Վատիկանի դատարանի նախագահը տարիքի բերումով հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։

Հաղորդագրութիւն Վատիկան Քաղաքի պետութեան դատարանի նախագահի հրաժարականի վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ անցեալ օրերուն տարիքի բերումով իր պաշտօնէն հրաժարեցաւ Վատիկանի Պետութեան դատարանի նախագահ, տոքթ Ճուզէփփէ Փինիաթոնէն։

Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Ֆրանչիսկոս Պապ երեկ,  երեքշաբթի 10 դեկտեմբերին, շնորհակալութիւն յայտնելով դատարանի նախագահին մատուցած ծառայութիւններուն համար ընդունած է յառաջիկայ 31 դեկտեմբերին ուժի մէջ մտնող հրաժարականը։

Նշենք, թէ երեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին, Վատիկանի դատարանէն ներս դատապարտուեցան քահանայապետական երգչախումբի ֆինանսական գործերը կառավարող երեք պատասխանատուներ, գերպ Մասսիմօ Փալոմպելլա, Միքելանճելօ Նարտելլա եւ Սիմոնա Ռոսի։

Վատիկանի դատարանը, Ճուզէփփէ Փինիաթոնէի նախագահութեամբ, երկուշաբթի, 10 դեկտեմբերին աւարտեց 2023 թուականին մայիս 24ին սկսած քրէական դատավարութիւնը։

Դատավարութիւնը բացուած էր 2023ին, Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ լիազօրուած հետաքննութենէ յետոյ, երգչախումբի տնտեսական եւ ֆինսասական երեւոյթներուն վերաբերեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2024, 13:22