Աղքատներն ու մարզիկները միասին սեղանի շուրջ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Անարատ Յղութեան տօնին օրը՝ 8 Դեկտեմբերին, «Athletica Vaticana»ի մարզիկները, Հռոմի մարաթոնի որոշ ներկայացուցիչներու հետ «Palazzo Migliori»-էն ներս քանի մը ժամ ուրախութիւն եւ հանդարտութիւն պարգեւեցին աղքատներուն եւ փխրուն անձերուն։
Երկար տարիներ լքուած եւ ազնուական ծագում ունեցող այդ պալատը՝ զարդարուած որմանկարներով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ցանկութեամբ, հինգ տարի ի վեր ջերմ ու հիւրընկալ տուն դարձած է անտուններու ու աղքատներու համար։
Կառոյցը կը կառավարէ Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութիւնը եւ Սանդ Էճիտիօ հասարակութիւնը՝ բազմաթիւ կամաւորներու աջակցութեամբ։ Նախապատուութիւնը առաջին հերթին կը տրուի տարեց աղքատներուն, քանի որ «փողոցի մէջ քնանալը շատ վտանգաւոր է անոնց համար», կ’ընդգծէ կառոյցի պատասխանատուն, աւելցնելով միաժամանակ, որ «ոչ բոլորը կը համաձայնին քնանալ այդ նպատակով պատրաստուած կացարաններու մէջ»։
Քահանայապետի Ողորմաբաշխ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի կը բացատրէ, որ շատերը կը նախընտրեն վրանները, որոնք նուէր ստացած են Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութեան կողմէ։ «Այնուամենայնիւ, մենք կը փորձենք օգնել զանոնք (…) եւ անհրաժեշտ ջանքեր կը գործադրենք՝ համոզելու անոնց մեզի հետ մնալու», կ’ընդգծէ Կարդինալը։
Ալճերի Եպիսկոպոս եւ նորընտիր Կարդինալ Ժան Փոլ Վեսքոյին ներկայութիւնը երեկոն առ աւելիով առանձնայատուկ դարձուց։ Ան, որ իբրեւ Կարդինալ իր առաջին գործողութիւնը եւ իր առաջին ծառայութիւնը աղքատներու հետ սկսաւ, ցանկացաւ «շնորհակալութիւն յայտնել ներկաներուն այն ջերմ ընդունելութեան համար, որուն արժանացաւ կառոյցի մէջ․ «Շատ ուրախ եմ այս հրաւէրով, ըսաւ Կարդինալ Վեսքոն, որովհետեւ անիկա ինծի թոյլ տուաւ բոլորիդ հետ կիսել իմ նոր նշանակումի նուէրը, եւ ես իմ շուրջս շատ սէր զգացի»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ