Որոնել

SCATTIDELGIORNO

Կարդինալ Զենարիին կոչը Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները վերացնելու

Սուրիոյ մէջ Սուրբ Աթոռի Պապական Նուիրակ Կարդինալ Մարի Զենարի, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի իրադարձութիւնները մեկնաբանելով կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան վերացնելու Սուրիոյ դէմ կիրակուած պատժամիջոցները, զանոնք համարելով ծանր բեռ մը` աղքատ ժողովուրդին վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի օր` 8 դեկտեմբերին Սուրիոյ մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարի կապ հաստատելով Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզ խմբագրութեան լրագրող Ֆրանսեքա Սապաթինելլիի հետ պատմեց Սուրիոյ ու յատկապէս Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցածը` ու ապրուած պահերը։

Երկրի բնակիչներուն յոյսն է, որ ան բացուի հաշտութեան, առանց արեան հեղումի եւ Կարդինալ Զենարին եւս  մաղթեց` որ Սուրիացիները կարողանան վերականգնիլ երկարատեւ պատերազմէ մը ետք ու յատկապէս քրիստոնեաները ու միւս փոքրամասնութիւններու պատկան կրօնական հասարակութիւնները արժանանան պէտք եղած յարգանքին։

Վատիկանի ներկայացուցիչը պատմեց` թէ ինչպէս կիրակի առաւօտեան ինք արթնցաւ կրակոցներու ձայներով, բայց այս անգամ «ուրախութեան կրակոցներ էին» ըսաւ Ան, գոհութիւն յայտնելով, որ «յեղաշրջումը տեղի ունեցաւ առանց արեան հեղումին» թէեւ, նկատել տուաւ, Ծիրանաւորը, «ճանապարհը զառիվեր է, հակառակ որ իշխանութեան գլուխ անցած խմբաւորումները խոստացան, թէ ընկերութեան բոլոր խաւերը պիտի յարգուին ու թէ ծնունդ պիտի առնէ նոր Սուրիա մը»։

«Յուսանք` որ այս խոստումները յարգուին» մաղթեց Առաքելական Նուիրակը, մատնանշելով նաեւ ընդդիմութեամբ ուժերու ու հալէպի Եպիսկոպոսներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին, որուն ընթացքին առաջիններս վստահեցուցած են թէ պիտի յարգեն բոլոր կրօնական դաւանանքները ու նաեւ քրիստոնեաները։ ։

Կարդինալ Զենարին ակնարկեց նաեւ երիտասարդներուն` որոնց վերջին երկու տարիներուն փափաքը եղած է միայն երկրէն հեռանալ, որովհետեւ այստեղ ապագայ չէին տեսներ։ Այժմ, ըսաւ Ան, յուսանք, որ յոյսին դռները բացուին։

Սուրիոյ մօտ Առաքելական Նուիրակը մաղթեց նաեւ, որ միջազգային հասարակութիւնը սատարէ Սուրիոյ մէջ հաշտութեան ու վերակառուցման գործընթացին, ապա կոչ ուղղեց` Սուրիոյ դէմ կիրակուած պատժամիջոցներու վերացման համար, «որովհետեւ անոնք ծանր բեր մըն են, մասնաւորապէս աղքատ խաւին համար։ Ես յոյս ունիմ որ կամաց կամաց այս պատժամիջոցները վերացուին» եղաւ Կարդինալ Զենարիին մաղթանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2024, 08:00