Որոնել

Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային Սուրբ Դռան բացումը

Մարիամը բոլորի Մայրն է, Ան մօտիկ է իւրաքանչիւրի դժուարութեան իւրաքանչիւր պահի ընթացքին։ Յոբելեանը կը հրաւիրէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ նորոգելու իր հաւատքը եւ յոյսը, քալելով Մարիամի հետ դէպի Տէրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` մէկ Յունուարի կէսօրէն ետքը ժամը հինգին Կարդինալ Ռոլանտաս Մաքրիդքասը բացումը կատարեց Հռոմի Քահանայապետական աւագ տաճարներէն Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի Սուրբ Դռան եւ դռնբացէքի արարողութենէն ետքը նոյն Եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Սուրբ պատարագ ու պատարագի ընթացքին ներկայացուած քարոզը կեդրոնացուց Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնին վրայ ու յատկապէս Մարիամի կեդրոնական դերին վրայ Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագրէն ներս, ի յայտ դնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի կարեւորութիւնը, որպէս Աստուծոյ Մայր եւ բոլոր հաւատացեալներու առաջնորդ։

Աստուածածնայ ձայնը մեզ կը կոչէ - «Կորսուած» զանգակը

Քարոզին մէջ Ծիրանաւորը շեշտը դրաւ յատկանշական կէտերու վրայ սկսեալ տաճարի «Sperduta - կորսուած» զանգակի ձայնէն, որ ըսաւ Ան, կը ներկայացնէ Աստուածամօր ձայնը որ կ՛առաջնորդէ եւ կը մխիթարէ ուխտաւորները։

Ժամանակներու լրումը

Ան ապա յղում կատարելով Պօղոս առաքեալի Գաղատացիներուն ուղղած նամակին մէջ «ժամանակներուն լրումին» նշեց, թէ այդ ժամանակներու լրումը տեսնուած է, որպէս եզակի պահ մը, որուն մէջ Աստուած Մարիամի միջոցաւ կը մտնէ մարդկութեան պատմութեան մէջ։ «Երբ ժամանակներու լրումը հասաւ, Աստուած իր Որդին ղրկեց, որ կնոջմէ ծնաւ ու օրէնքի տակ մտաւ»։

Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը

Ծիրանաւորը խօսեցաւ ապա Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերի մասին, այն սրբանկարը, որ շատ սիրելի է Ֆրանչիսկոս  Պապին, նշելով թէ անիկա կը ներկայացնէ Մարիամը` որպէս Ան, որ կ՛առաջնորդէ եւ կը պաշտպանէ, կեանքի փոթորիկներու ժամանակ «ապահով տապան»։

Ֆրանչիսկոս Պապը արդարեւ ընդգծած էր, որ այնտեղ, որտեղ Մարիամ ներկայ է, այնտեղ անհանգստութիւն կամ վախ չկայ։ Մարիամը Մայր է, որ կ՛ընկալէ և հոգ կը տանի, ինչպէս ըրաւ մանուկ Յիսուսի հետ, նշեց ի միջի այլոց Կարդինալ Ռոլանտաս Մաքրիդքասը։

Սուրբ օրօրոցը– Յիսուսի ծննդեան լուռ վկան

Տաճարին մէջ այլ յատկանշական իրերէն մին` «Յիսուսի օրօրոց»ն է, որ պահպանուած է պազիլիքային մէջ եւ որ ներկայացուցած էր որպէս Փրկչի ծնունդին «լռելեան վկայ»։

Այս խոնարհ օրօրոցը կը նշէ քրիստոնէական պատմութեան սկիզբը ու մեր «քրիստոնեայ ժամանակը» որ սկսաւ ճիշտ այդ պահուն։

Յոբելեանի շնորհքը

Խօսելով ապա Յոբելեանի իմաստի մասին Ծիրանաւորը նշեց, որ Յոբելենական տարին Սուրբ Դռան բացումով կը ներկայացուի որպէս յոյսի ուղեւորութիւն, աղօթքի պահ մը` բոլոր հաւատացեալներուն համար, յատկապէս անոնց համար, որոնք կ՜ապրին տառապանքի մէջ եւ անոնց համար, որոնք կորսնցուցած են ուղին։

Մարիամը բոլորի Մայրն է, Ան մօտիկ է իւրաքանչիւրի դժուարութեան, իւրաքանչիւր պահի ընթացքին։ Յոբելեանը կը հրաւիրէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ նորոգելու իր հաւատքը եւ յոյսը, քալելով Մարիամի հետ դէպի Տէրը։

«Այսօր՝ Յոբելենական տարուայ սկիզբը, եկէք մեր կեանքը, մեր ժամանակը վստահինք Աստուածամօր, որպէսզի Ան մեզ առաջնորդէ դէպի Յիսուս՝ ժամանակի, ամէն ժամանակի, Իւրաքանչիւրիս ժամանակի լիութիւնը»։ Ամէն.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2025, 17:57