Վատիկանի մէջ «Երկարակեցութեան» նիւթով գագաթնաժողով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 24 մարտին, Սուրբ Աթռոի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ «Vatican Longevity Summit: Վատիկան Երկարակեցութեան գագաթնաժողով, դիմագրաւել ժամանակուան ժամացոյցը» վերնագիրով ծրագիր, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ յետմիջօրէին Հռոմի Ակուսթինանումի դասախօսութիւններուն կեդրոնին մէջ։
Մամլոյ ասուլիսին, ելոյթ ունեցողներուն շարքին էին, Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի նախագահ, Գերպ Վինչէնզօ Փալիա ինչպէս նաեւ գիտական գետնին վրայ տարբեր դասախօսներ։
Գագաթնաժողովը նուիրուած է ծերանալու եւ լաւ ծերանալու նիւթին ու այս առումով գերպ Փալիա իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ երկարակեցութիւնը պէտք չէ դիտարկուի որպէս կենսաբանական նպատակ, այլ որպէս հնարաւորութիւն մը, արժէքաւորելու համար ընկերութեան մէջ տարեցներուն արժէքը։ «Տարեցները բեռ չեն հասարակութեան համար այլ թանկարժէք հարստութիւն. Անոնց փորձառութիւնն ու իմաստութիւնը կը ներկայացնեն անփոխարինելի մարդկային եւ մշակութային ժառանգութիւն» ըսաւ գերապայծառ Փալիա ապա մէջերեց Ֆրանչիսկոս Պապին այն խօսքը, «ժողովուրդ մը որ չգիտեր պաշտպանել տարեցները առանց ապագայի ժողովուրդ է»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ