2025.03.18 Regista e team produzione film armeno SIGMA

Լռութիւնն ու յոյսը խորհրդանշող հայկական «ՍԻԿՄԱ» ֆիլմի ցուցադրութիւնը Վատիկանի մէջ

Վատիկանի Առաքելական Մատենադարանի «Բաց խօսքեր. Յոբելենական բառապաշար մեր ժամանակի համար» բնաբանով մշակութային ծրագրի ծիրէն ներս ցուցադրուեցաւ Հայազգի ռեժիսոր Արամ Մանուկեանի «ՍԻԿՄԱ» կարճամետրաժը, ի ներկայութեան հեղինակին եւ իրեն ընկերացող Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան մը։
Այցելութիւն Ռատիօ Վատիկան
Այցելութիւն Ռատիօ Վատիկան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 14 Մարտի կէսօրէն ետքը, Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ տարուան ծիրէն ներս, Առաքելական Մատենադարանի Սիքսթինեան սրահի մէջ տեղի ունեցաւ «Բաց խօսքեր. Յոբելենական բառապաշար մեր ժամանակի համար» բնաբանով մշակութային ծրագրի ութը համաժողովներէն երրորդը` որ նուիրուած էր Լռութեան նիւթին եւ որուն ծիրէն ներս ցուցադրուեցաւ Հայազգի ռեժիսոր Արամ Մանուկեանի «ՍԻԿՄԱ» կարճամետրաժը, ի ներկայութեան հեղինակին, արժանացաւ նաեւ մրցանակի մը, եւ իրեն ընկերացող Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան մը։

Վերոնշեալ ցուցադրութենէն ետքը «ՍԻԿՄԱ» ֆիլմի դերակատարները առիթը ունեցան այցելելու Վատիկանի Ձայնասփիւռը եւ հանդիպելու ու ծանօթանալու հայկական բաժնի խմբագրութեան անձնակազմին հետ։

Այս առիթով հնարաւորութիւն ունեցանք նաեւ զրուցելու Տիար Արամ Մանուկեանի հետ, որուն ընթացքին խօսեցանք Վատիկանի Մատենադարանի մէջ տեղի ունեցած ցուցադրութեան մասին, Յոյսի իմաստի մասին, ու նաեւ Ֆիլմի նախապատրաստական աշխատանքի մասին ուն նաեւ ֆիլմէն բխած համամարդկային արժէքներուն նուիրուած պատգամի մասին։

Կից կը ներկայացնենք այդ զրոյցի պարունակութիւնը

Ունկնդրէ հարցազրոյցը

 

Զրոյց Արամ Մանուկեանի հետ
Զրոյց Արամ Մանուկեանի հետ

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2025, 10:04