2 Ապրիլին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մահուան 20րդ տարելիցին առիթով սուրբ պատարագ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Անցեալ 12 Փետրուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ երբեմնի քարտուղար` Կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչին, որուն մէջ հաւաստիացուցած էր իր օրհնութիւնները Լեհ Քահանայապետին մահուան 20րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած արարողութիւններու մասնակիցներուն. «Բոլորին կը մաղթեմ յոյսի նշանաբանով անդորր Յոբելենական Տարի եւ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ բարեխօսութիւնը, ի սրտէ կ՛ օրհնեմ ձեզ ու բոլոր անոնք որոնք մաս պիտի կազմեն 2 ապրիլին նախատեսուած արարողութիւններուն» գրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։
Արդարեւ որ 2 Ապրիլ 2025ին կէսօրէն ետքը ժամը երեքին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքյաին մէջ նախատեսուած է սուրբ պատարագ, զոր պիտի նախագահէ` Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, որուն հետ պիտի համապատարագէ ի միջի այլոց Կարդինալ Ճիվիչը եւ այլ կարդինալներ ու կղերական դասի անդամներ։
Վերոնշեալ տարելիցին առիթով Հռոմի կղերական դասին ու հաւատացեալներուն ուղղած իր նամակին մէջ Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնան հրաւիրած է զանոնք մասնակցելու տարելիցին առիթով կազմակերպուած արարողութեան ընդգծելով, որ այդ մէկը պիտի ըլլայ «ժամանակ շնորհակալ ըլլալու Տիրոջ, այն մեծ պարգեւին համար որ եղաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կեանքը ու Անոր Հռոմի թեմին մատուցած հովուական ծառայութիւնը»։
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը ինին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած է աղօթքի հսկում` զոր պիտի գլխաւորէ Լեհաստանի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի նախագահը Գերապայծառ Թատէուս Վոյտա, որ իր կարգին մաս պիտի կազմէ կէսօրէն ետքը մատուցուած պատարագի համապատարագիչներու դասին։
Ըլլայ սուրբ պատարագը ըլլայ հսկումի աղօթքը բաց են բոլորին եւ անոնց կարելի է մասնակցիլ առանց որեւէ մէկ արտօնագիրի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ