Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
31st OSCE Ministerial Meeting in Malta

27էն 30 Մարտ Գերապայծառ Կալլակէրը կ՛այցելէ Հունգարիան

Կեցութեան ընթացքին Վատիկանի դիւանագէտը ելոյթ պիտի ունենայ Հունգարիոյ Դեսպաններու տարեկան համաժողովին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պետութիւններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու քարտուղար Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր 27էն 30 Մարտին կը մեկնի Հունգարիա ուր նախատեսուած են անոր զանազան հանդիպումները, սկսեալ Երկրին արտգործ նախարար Տիար Փիթըր Սիարթույի հետ հանդիպումը` որ տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ 28 Մարտի առաւօտեան եւ որուն կը հետեւի Վատիկանի դիւանագէտին ելոյթը Հունգարիոյ Դեսպաններու տարեկան համաժողովին, Հունգարիոյ մօտ երբեմնի առաքելական նուիրակ Գերապ. Անճելօ Ռոթթայի մահուան վաթսուն ամեակի ոգեկոչումը, եւ Գերապ. Կալլակէրի` Հունգարիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ ` Կարդինալ Փիթըր Էրտոյի հետ ունենալիք հանդիպումը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ չորս այլ եպիսկոպոսներ ու Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը։

Շաբաթ 29 Մարտին Գերապայծառ Կալլակէրը պիտի այցելէ Պենետիկտեան Միաբանութեան Սան Մարթինօ տի Փաննոնհալմայի աբբայարանը ուր հանդիպում պիտի ունենայ վանքի հասարակութեան ու աշակերտութեան հետ, ապա Կիրակի 30 Մարտին այցելութիւնը պիտի եզրափակէ Պուտաբեշտի Սուրբ Ստեփանոս համա-աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած պատարագով։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2025, 12:05
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031