«Առանց քրիստոնեաներու հասարակութիւն մը, վտանգուած է դառնալու արմատական, ծայրայեղական հասարակութիւն». Կարդինալ Փարոլին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Առանց նախապայմաններու երկարատեւ ու արդար խաղաղութիւն Ուքրանիոյ մէջ, Համասի եւ Իսրայէլի կողմէ «չափաւորութեան զգացում» և Կազայի համար «ոչ ռազմական» լուծումներ։ Ապա «սպառազինուած բառեր» որ օգնեն երկխօսութիւն հաստատելու, իրարու հանդիպելու ու չբաժնելու։ Ասոնք եղան Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ներկայացուցած գաղափարները Հռոմի մօտակայքը գտնուող Sacrofano-ի Fraterna Domus կեդրոնի մէջ կայացած Հիւրընկալութեան ամպիոնի Երրորդ Օրուան շրջագիծէն ներս լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։ Վերոնշեալ միջոցառումին նպատակն է խթանել համերաշխութեան մշակոյթը և հանդիպման ու երկխօսութեան արուեստը:
Կարդինալ Փարոլինը անդրադարձաւ Քահանայապետի առողջութեան մասին ու մաղթեց որ Ան շարունակէ հանգիստ ընել ու վերականգնիլ կամաց կամաց, եւ յիշելով նաեւ հինգ տարիներ առաջ համաճարակի ընթացքին կատարուած «Statio Orbis»ի աղերսական աղօթքը, նշեց որ Նորին Սրբութիւնը միշտ կապուած է Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն հետ եւ այս մէկը ի յայտ կու գայ նաեւ անոր ուղղուած սիրոյ արտայայտութիւններէն ու աղօթքներէն։
Զինաթափել բառերը
Ի տես աշխարհը յուզող տարբեր ողբերգական իրադարձութիւններուն ու Պետութիւններու միջեւ ստեղծուած որոշ լարուածութիւններուն Կարդինալ Փարոլինը մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը հրաւէր ուղղեց «զինաթափել բառերը, խուսափելով որ անոնք դառնան հակամարտութիւն ապա պատերազմ»։ Ան խրատեց նաեւ «լռութիւն պահել ու եթէ բառեր պիտի օգտագործուին թող ըլլան իմաստուն խօսքեր, խօսքեր որոնք կը սատարեն երկխօսութեան, իրար հանդիպելու եւ ոչ թէ բաժնելու»։
Հակամարտութիւններուն դրական ու խաղաղ լուծումներ
Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը յոյս յայտնեց ապա որ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւնները հանգին դրական եզրակացութեան կարեւոր նկատելով «առանց նախապայմաններու բանակցութիւնները», որպէսզի ձեռք բերուի արդար ու մնայուն խաղաղութիւն մը»։
Ան դրական լուծումներ մաղթեց նաեւ Կազայի համար, առանց թաքցնելու իր հիասթափութիւնը, որ ժամանակաւոր զինադադարը կարող էր դառնալ «մշտական զինադադար», որպէսզի կարելի ըլլայ «սկսիլ խաղաղացման և վերակառուցման քննարկումը»։
«Համոզուած եմ,- ընդգծեց Ան,- երկու կողմերն ալ պէտք է չափաւորութեան մեծ զգացում ունենան... Փորձել գտնել ճանապարհ՝ լուծելու հարցերը, առանց զէնքի դիմելու»:
Միջուկային զէնք ունենալը անբարոյական է
Կարդինալ Փարոլինը ապա իր ելոյթին մէջ եւս խօսեցաւ խաղաղութեան մասին, որուն ծիրէն ներս ակնարկեց «մարդու միշտ աւելիով անհատապաշտ տեսլականին» ու իրար հանդէպ վստահութիւն ունենալու պակասին, որոնք կը բացայայտուին նաեւ միջագզյաին գետնի վրայ մարդիկը մղելով դիմելու «վերազինումի, յարձակելու՝ նախքան յարձակման ենթարկուելու» որուն հետեւանքով «ստեղծուած է է մշտական հակամարտութեան իրավիճակ»: Ան անգամ մը եւս ընդգծեց որ «Միջուկային զէնք ունենալը անբարոյական է այն հետևանքներուն պատճառաւ, որոնք անոնք կարող են առաջացնել»:
Միջազգային հաստատութիւնները պատշաճեցնել այսօրուայ իրականութեան
Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը հաստատեց նաեւ թէ չկայ խաղաղութիւն եթէ չկայ քաղաքական կամք» յիշեցնելով որ միջազգային որոշ կազմակերպութիւններ ստեղծուեցան ճիշտ այդ նպատակով համաշխարհային Բ պատերազմէն ետքը։
«Այսօր աշխարհը խորապէս փոխուած է, կան բազմաթիւ ուժային կենտրոններ, և մի գուցէ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ բաւարար յանձնառութիւն չէ եղած՝ յարմարուելու համար աշխարհի այս նոր իրողութիւններուն» նկատել տուաւ Ծիրանաւորը հրաւիրելով այդ միջազգային հաստատութիւնները պատշաճեցնել այսօրուայ իրականութեան ու ի հարկին զանոնք բարեփոխել։
Ան ապա հրաւէր ուղղեց հաղորդակցութեան աշխարհին ու յատկապէս քրիստոնեաներուն, նշելով որ անոնք պատասխանատուութիւնն ունին դառնալու խաղաղութեան ու երկխօսութեան թեմաներուն բարձրախօսը։
Գաղթականութեան հարցը եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները
Անոր շօշափած նիւթերու շարքին էր նաեւ գաղթականութեան հարցը որուն նկատմամբ Կարդինալ Փարոլինը հրաւիրեց ունենալ դրական կեցուածք, չվախնալ գաղթականէն որ յաճախ փախուստ կու տայ միջավայրերէն ուր կայ թշուառութիւն ու պատերազմ, ապա անոնց տրամադրել հիւրընկալութիւն։ Ակնարկելով հուսկ քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի երկիներէն արտահոսքին Կարդինալ Փարոլինը այդ մէկը նկատեց «կրօնական տեսանկիւնէն ողբերգութիւն, որովհետեւ ճիշտ այդ վայրերուն մէջ է որ ծնունդ առաւ քրիստոնէութիւնը», բայց ողբերգութիւն է նաեւ այդ վայրերու հասարակութիւններուն համար որովհետեւ «քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը եղած է միշտ չափաւորութեան ներկայութիւն ու անոնց կարող են սատարել լարուածութիւնները մեղմացնելու»
«Առանց քրիստոնեաներու հասարակութիւն մը, վտանգուած է դառնալու արմատական, ծայրայեղական հասարակութիւն» հաստատեց ի վերջոյ Կարդինալ Փիերթօ Փարոլինը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ