Աստուծոյ սէրը պարտադրանք չէ, այլ Հոգիի մէջ ազատութիւն. Հայր Փազոլինի
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Քրիստոսը խորապէս ազատ է, որովհետեւ ոչ մէկէն երբեք ոչ մէկ բան կը պահանջէ եւ աշխարհը կը փրկէ ճշմարտութեամբ ու սիրով». Այս եղաւ այսօր ուրբաթ 28 Մարտի առաւօտեան Քահանայապետական Տան քարոզիչ` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինիի հաստատումը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ուր Ան գլխաւորեց 2025-ի քառասնորդաց շրջանի չորս մտածականներու նիստերէն երկրորդը, շարունակելով խօսիլ «Քրիստոսի մէջ խարսխուած: Արմատաւորուած և հիմնուած նոր կեանքի յոյսով» նիւթի մասին զոր ընտրած է յոբելենական այս տարուան առիթով։
Ան այսօրուան շեշտադրումը դրաւ «Հոգիի մէջ ազատութեան» նիւթին վրայ։
Նիստին սկիզբը Հայր Փազոլինի ուզեց յատուկ ողջոյն մը ուղղել Ֆրանչիսկոս Պապին, որ «մեր կողքին կը գտնուի, նոյնիսկ եթէ ֆիզիկապէս ներկայ չէ» ըսաւ Ան ուրախութիւն արտայայտելով անոր տուն վերադարձին համար։
Խորհրդածութեան մէջ Հայր Փազոլինի նշեց որ Քրիստոս իր առաքելութեան մէջ ազատութեան օրինակ է, որ ոչ մէկ բան կը պարտադրէ այլ փրկութիւնը կը շնորհէ ճշմարտութեան եւ սիրոյ միջոցաւ եւ իր այս գաղափարը բացատրելու համար մէջբերեց Յիսուսի կեանքէն դրուագներ ու այդ դրուագներէն քաղուած ուսուցումներ։
Առաջին անմիջապէս չվստահիլը։ Յիսուս արդարեւ անմիջապէս չի վստահիր բազմութեան, որովհետեւ Ան գիտէ մարդու սրտին դիւրաբեկութիւնը եւ Ինք չէ հետաքրքրուած մակերեսային ճանաչումներով։ Այսօրուայ համատարածուած անհատապաշտութեան եւ ինքնագովութեան իրականութեան մէջ, Յիսուս հաւատարիմ իր առաքելութեան, զերծ կը մնայ ամենազօրութեան փորձառութենէն և աղօթքի միջոցաւ կը քօղազերծէ իսկական ծառայութիւնը անձնական ճանաչման փնտռտուքի հետ շփոթելու վտանգէն:
Երկրորդ անտարբերութիւնը որ յոյս ու հաւատք կը ներշնչէ։ Յիսուս անհաւատ կնոջ մը աղերսանքը կ՛անտեսէ, բայց երբ այդ հեթանոս կինը յամառօրէն ու խիզախօրէն կը մօտենայ իրեն, չփակուելով իր հպարտութեան և զոհի մտածելակերպի մէջ, Տէրը կը ճանչնայ անոր մեծ հաւատքը։ Այսպիսով, Յիսուսի ակնյայտ անտարբերութիւնը կը դառնայ ձեւ արծարծելու համար մարդուն հաւատքն ու յոյսը
Երրորդ խուսափիլ հաճութենէն. Հացերու ու ձուկերու բազմացումէն ետքը Յիսուս կը քաշուի, որովհետեւ գիտէ մարդուս ներքին դիւրաբեկութիւնը եւ միայն աւելի ուշ կը վերադառնալ իր աշակերտներուն մօտ երբ անոնց փոթորիկ մը կը դիմագրաւէին ցոյց տալու համար թէ նոյնիսկ ամենամութ անգիշերուայ մէջ Յիսուս կը մնայ այն յոյսը որ յուսախաբ չի թողուր, այլ կը բերէ խաղաղութիւն։
Հայր Փազիլին ապա եզրակացուց` որ իսկական ազատութիւնը կը պահանջէ ժամանակ և պարտաւորութիւն, ապա թէ Աստուծոյ սէրը չի պարտադրուիր, այլ կ՛ առաջարկուի, թոյլ տալով իւրաքանչիւր մարդու ազատօրէն արտայայտել իր ցանկութիւնները և այդպիսով աւելիով մօտենալ Աստուծոյ Արքայութեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ