Կարդինալ Փարոլինը հանդիպած է Լեհաստանի նախագահ Տուտայի հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ուրբաթ 28 Մարտի առաւօտեան, Լեհաստանի նախագահ վսեմաշուք Տիար Անտրէյ Տուտա, Պետական քարտուղարութեան մէջ ընդունեցուեցաւ, Նորին Սրբութեան Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի կողմէ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար Գերպ. Միրոզլաւ Վաչովսքի» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Սիրալիր խօսակցութիւնները տեղի ունեցան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետի մահուան 20րդ տարելիցի նախօրէին եւ Bolesław Chrobry Լեհաստանի առաջին թագաւորի թագադրման առաջին հազարամեայի ընդառաջ։
Քննարկուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր, որոնց շարքին նաեւ միջազգային ժամանակակից խնդիրները` յատուկ կերպով հայող Ուքրանիոյ պատերազմին ու Եւրոպայի անվտանգութեան ու խաղաղութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ