Նիկիա վերադառնալ որպէս եղբայրներ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«1700 տարիներ ետք Նիկիա վերադառնայ 2025-ի Յոբելեանին առիթով, նախ եւ առաջ կը նշանակէ վերանորոգուիլ որպէս եղբայրներ, աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներու հետ միասին։ Հաւատքի դաւանանքը որ դուրս եկած է համամիութենական տիեզերական առաջին ժողովէն արդարեւ բաժնեկցուած է ոչ միայն արեւելքի Եկեղեցիներէն, օրթոտոքս Եկեղեցիներէն ու Կաթողիկէ Եկեղեցիէն, այլ միասնական է նաեւ բոլոր եկեղեցական հասարակութիւններHN որոնք ծնունդ առին Բարեկարգումէն։ Կը նշանակէ վերագտնել մենք զմեզ եղբայրներու միջեւ համախմբուած այն բանի շուրջ Oր իրապէս էական է. Որովհետեւ այն ինչ որ մեզ կը միացնէ աւելի զօրեղ է քան ան ինչ որ մեզ կը բաժնէ. «Բոլորս միասին, կը հաւատանք, Երրեակ Աստուծոյ, Քրիստոսի իսկական մարդ եւ իսկական Աստուած ըլլալուն, Յիսուսի Քրիստոսի փրկութեան, ըստ Եկեղեցւոյ մէջ ընթերցուած գրութիւններուն եւ Սուրբ Հոգիի ներշնչումին տակ։ Միասին մենք կը հաւատանք Եկեղեցւոյ, մկրտութեան, մեռեալներու յարութեան ու յաւիտենական կեանքին»։ Այս է Նիկիոյ յիշատակին նուիրուած Միջազգային աստուածաբանական յանձնաժողովի կողմէ հրապարակուած «Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ Որդի, Փրկիչ» փաստաթղթի առանցքային կէտը»: Այս կը կարդանք Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագիր կազմի ընդհանուր տնօրէն Տիար Անտրէա Թոռնիելլիի հրատարակած խմբագրականին մէջ, նուիրուած անցեալ օրերուն հրատարակուած մէկ կարեւոր փաստաթուղթին, Աստուածաբանական Միջազգային խառն յանձնախումբի կողմէ ու նուիրուած Նիկիոյ Ժողովի 1700 Ամեակին, որ եղած է տիեզերական գետնի վրայ առաջին համամիութենական ժողովը որուն ընթացքին որդեգրուեցաւ «Հաւատոյ դաւանանքը» եւ որուն նպատակներէն մին եղած է գտնել միասնական թուական մը Սուրբ Զատիկը միասին տօնելու համար, «հարց որ խնդրայարոյց էր առաջին դառերու Եկեղեցւոյ մէջ» ինչպէս կը նշէ Թոռնիելլին իր խմբագրականին մէջ դիտել տալով` որ ԺԶ դարուն իրավիճակը փոխուեցաւ, Գրիգոր ԺԳ Պապի օրացոյցին բարեկարգումով որով արեւմտեան եկեղեցիները սկսան թուականը հաշուարկելըստ այս օրացոյցի, մինչդեռ արևելքի մէջ գտնուողները շարունակեցին օգտագործել Յուլիանոսի օրացոյցը, որ կ՛ օգտագործուէր ամբողջ Եկեղեցւոյ մէջ մինչև Գրիգորեան բարեփոխումները:
Բայց եւ այնպէս յատկանշական է և մարգարէական, որ այս տարի Նիկիայի տարեդարձին առիթով բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները Սուրբ Զատիկը կը նշեն նոյն օրը՝ ապրիլի 20-ի կիրակի օրը։ Նշան և յոյս որքան արագ հասնելու բոլորի կողմէ ընդունուած ամսաթիւը միասին հաստատելու համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ