Վատիկան Նիուզը ունեցաւ նոր լեզու
Վատիկան Նիուզ
Վատիկան Նիուզը իր լրատուական ծառայութեան համար օգտագործած լեզուներուն աւելցուց նաեւ ազերիական լեզուն` այսօր երկու ապրիլին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մահուան քսաներորդ տարելիցին օրը, առաջին Քահանայապետը որ այցելեց Ազրպէյճանը։ Վատիկանեան լրատուամիջոցները կը խօսին 56 լեզուներ, ներառեալ համրերու լեզուն։
«2002թ. մայիսի 23-ին Պաքուի մէջ արտասանած իր քարոզին մէջ – կը յիշէ Գերապ. Վլադիմիր Ֆեքեթէն, SDB, Ազրպէյճանի մէջ Առաքելական Կառավարիչ - Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ն ընդգծած է, որ երկրին փոքրաթիւ կաթողիկէ համայնքը պէտք է ըլլայ հասարակութեան թթխմորն ու հոգին: Ժամանակակից աշխարհի մէջ լրատուամիջոցները միշտ ալ աւելիով կը դառնան ճշմարտութիւնը տարածելու և անով իսկ աջակցելու մարդկութեան յոյսին և հաւատացեալներու հաւատքը ամրապնդելու հզօր գործիք:
Ըստ Ֆեքեթէ գերապայծառին «Ադրբեջանի կաթողիկէներու մեծամասնութիւնը չի տիրապետէր այլ լեզուներու, և համընդհանուր Եկեղեցու կեանքի մասին տեղեկութիւնները յաճախ կը փնտռուին՝ օգտագործելով ոչ միշտ հաւաստի աղբիւրներ: Այդ իսկ պատճառով մենք մտածեցինք այս նախաձեռնութիւնը սկսիլ Radio Vaticana - Vatican News-ի հետ՝ աջակցելու գիտելիքին և ամրապնդելու հաւատքը»:
Իսկ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինին` Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, ընդգծեց որ իւրաքանչիւր հիւսուածք կատարուած է մանր թելելու միահիւսուածով։ Այդպէս է նաեւ մեր հաղորդակցութեան համակարգը որ այսօր կը խօսի նոր լեզու մը շնորհիւ Գերապ. Վլատիմիր Ֆեքեթէի եւ Ազրպէյճանի Առաքելական Կուսակալութեան։ Իւրաքանչիւր լեզու կարեւոր է կենդանի քարերու կառոյցի կերտման համար, որ մենք կը կառուցենք օրը օրին»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ