Եկեղեցին պէտք է մնայ Քրիստոսի մէջ մխրճուած, որպէսզի կարողանայ արձագանքել առկայ մարտահրաւէրներուն․ Կարդինալ Փարոլին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Սինոդին գլխաւոր հերոսը Սուրբ Հոգին է, որ կը յաղթահարէ մարդկային դիմադրութիւնը, կը բանայ եւ կ’ընդլայնէ մեր սիրտերը եւ մեզի քաջութիւն կու տայ Աւետարանը բոլորին նորովի հասցնելու»։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ բազմիցս արտասանուած այս բառերով է որ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը սկսաւ իր քարոզը՝ Իտալիոյ մէջ բոլոր Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Սինոդալ Համաժողովի առթիւ երեքշաբթի 1 Ապրիլի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայէն ներս մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին։
«Սուրբ Հոգին անսպառ կենսամիջոց է, որ կը ներարկէ մարդկային կեանք, Անոր կողմէ ներարկած իրական ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը մարդկութեան համար կեանքի անսպառ կենսամիջոցն է» նշեց ապա Ծիրանաւորը ու բացատրեց թէ «Աւետարանի մէջ նկարագրուած հիւանդ մարդը, զոր Յիսուս կը բուժէ, կը ներկայացնէ համայն մարդկութեան եւ Եւրոպայի ներկայիս վիճակը, որ ջախջախուած է բռնութեամբ եւ պատերազմով:
«Այդ հիւանդը, կարիք չունի բժշկութիւն փնտռելու արտաքին աղբիւրներու մէջ, քանզի իրական կեանքը Յիսուսէն կու գայ՝ կենդանի ջուրի աղբիւրէն» հաստատեց ապա Կարդինալ Փարոլինը։
Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր մէջ լիարժէք եւ վերածնուած կեանքի բանալին է
Իտալիոյ մէջ Կաթողիկէ բոլոր Եկեղեցիներու Երկրորդ Սինոդալ Ժողովը եւ Սինոդն ապրելու այս երրորդ փուլը, Կարդինալ Փարոլինը մարգարէական պահ բնութագրեց՝ շեշտելով, որ կոչուած ենք աւետարանական ընտրութիւններ կատարելու եւ համայնքային կեանքէն ներս անոնք մարմնաւորելու։ Սինոդալ ճամբորդութիւնը ապագայի ուղեցոյցներ մշակելու հնարաւորութիւն մըն է, ուր բուժումը տեղի կ’ունենայ Յիսուսի խօսքի միջոցաւ, որ թոյլ կու տայ անհատին վերագտնել իր ներքին աղբիւրը:
Ներքին աղբիւրը ի տարբերութիւն արտաքինի՝ յաւիտենական կեանք կ’առաջարկէ
Իրական բուժումը ձեռք կը բերուի աստուածային կեանքի մասնակցութեան միջոցաւ, որ գործի կը դրուի մկրտութեամբ ինչը իւրաքանչիւր մարդու մէջ կ’արթնցնէ կենդանի ջուրի աղբիւր:
Մկրտութեան ջուրը մկրտուողին դուրսէն կը պարուրէ, որ սակայն կը բանայ ներքին աղբիւրը, որ երբեք չի չորնար: Ըստ Սուրբ Օգոստինոսի ներքին աղբիւրը ի տարբերութիւն արտաքինի՝ յաւիտենական կեանք կ’առաջարկէ, ըսաւ Պետքարտուղարը։
Իտալիոյ եկեղեցիները, որ այս Սինոդալ փուլի ընթացքին կը բախուին մարտահրաւէրներու՝ կապուած քրիստոնէական հաւատքը փոխանցելու հետ, պէտք չէ վախնան, քանի որ առաքելութիւնը հիմնուած է Քրիստոսի վրայ, հաստատեց հուսկ Ծիրանաւորը՝ շեշտելով, որ Եկեղեցին պէտք է մնայ Քրիստոսի մէջ մխրճուած, որպէսզի ըլլայ միսիոներ եւ կարողանայ արձագանքել առկայ մարտահրաւէրներուն:
Կարդինալ Փարոլինը քարոզը աւարտեց հայցելով Տիրամօր պաշտպանութիւնը Սինոդալ ժողովի վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ