Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Inizio - Requiem, grande Messe des Morts, Op. 5 per tenore, coro e orchestra
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2024.09.30 Croazia. La prima visita di papa Giovanni Paolo II in Croazia 30 anni fa Խմբագրական

Վոյթիլա Քահանայապետին խաղաղութեան մարգարէութիւնը` քսան տարիներ ետք

2005-2025, Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Անոր անլսելի մնացած խօսքերը պատերազմին դէմ
Ունկնդրէ լուրը

Անտրէա Թորնիելլի

«Քսան տարիներ անցան այդ շաբաթ 2 ապրիլ 2005 թուականէն, երբ միլիոնաւոր մարդիկ համայն աշխարհի մէջ ողբացին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին մահը։ Երկու տասնամեկաներ ետք ան կը յիշուի որպէս կեանքի, մարդկային արժանապատութեան եւ կրօնական ազատութեան մեծ պաշտպանը։ Ու մասնաւորպէս կ՛ընդգծուի անոր հակա-համայնավարութիւնը։ Քիչեր են ապա անոնք` որ զայն կը յիշեն անոր այլ մարգարէական ուսուցումներուն համար, որոնք յատկապէս ժամանակից են պատմութեան այս մութ պահի ընթացքին» այս խօսքերով է որ Տիար Անտրէա Թոռնիելլի կը սկսի իր 2 ապրիլ 2025ին հրատարակած խմբագրականը նուիրուած` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին մահուան քսաներորդ տարելիցին։

«2000 թուականն էր, մեր աշխարհի զգալի մասը Պերլինի պատի անկումէն յետոյ տակաւին կ՛ապրէր «պատմութեան աւարտի» հարբեցողութեան մէջ։ Մինչ երկաթէ վարագոյրի ետև գտնուող երկիրներուն մէջ, աւելի քան հաւատքի վերածնունդը, սկսած էր տարածուիլ սպառողականութիւնն ու աշխարհայնակացումը, Լեհաստանէն եկած Քահանայապետը ուզեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակ բերել Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը, արտասանելով բառեր, որոնք ոչ ոք հասկցաւ այդ ժամանակ. «Մարդկութիւնը կը գտնուի խաչմերուկի առջեւ: Ան այսօր ունի աննախադէպ հզօրութեամբ գործիքներ. կարող է այս աշխարհը դարձնել այգի կամ զայն վերածել աւերակներու կոյտի»: Մէկ տարի ետք սեպտեմբեր 11-ին ողբերգութիւնը դարձեալ վախի մատնեց Արևմուտքը» կը կարդանք Թոռնիելլիի խմբագրականին մէջ:

Յովհաննէս Պօղոս Բ-ն 1991-ին արդեն հակազդած էր Պարսից ծոցի առաջին պատերազմին և մինակ թողուած այն նոյն արևմտեան առաջնորդներէն, որոնք մինչև երկու տարի առաջ կը գնահատէին անոր դերը` զոր ունեցաւ Արևելեան Եւրոպայի երկիրներու նկատմամբ: Սրբազան Պապը յստակութեամբ կրկնեց իր պատերազմին դէմ «ոչ»ը 2003 թուականին, երբ կեղծ ապացոյցներու հիման վրայ որոշ արևմտեան երկիրներ երկրորդ անգամ ըլլալով պատերազմ յայտարարեցին Իրաքին։

Վոյթիլա Քահանայապետը արդեն հիւանդ և ֆիզիկապէս թուլցած Parkinson-ի հիւանդութեան բերումով, իր պարտքը համարեց զգուշացնել կառավարութիւններու այն «երիտասարդ» ղեկավարները, որոնք կը խրախուսէին Ծոցի մէջ նոր ռազմական արշաւը, անոնց յիշեցնելով վերջին համաշխարհային հակամարտութեան սարսափները, զոր ինք՝ նահատակ ազգի զաւակ, Սուրբ Պետրոսի տարեց յաջորդը, անձամբ ապրած էր։

Մարեմեան աղօթքին աւելցուց այս սրտաբուխ կոչը. «Ես կը պատկանին երկրորդ համաշխարհային պատերազմը ապրած և վերապրած սերունդին։ Ես պարտաւոր եմ բոլոր երիտասարդներուն, ինձմէ փոքրերուն, անոնց որոնք այս փորձը չեն ունեցած ըսել. «Այլևս ոչ երբեք պատերազմ», ինչպէս Պօղոս Զ-ն ըսաւ ՄԱԿ-ի իր առաջին այցի ժամանակ: Մենք պէտք է ընենք ամէն կարելին»։

Այսօր աւելի քան երբեք, կրակի մէջ գտնուող աշխարհի մը մէջ, եւ Պետութիւններու որոնք կը վազեն լեցնել համար իրենց զինանոցները, տագնապ ու վախի մթնոլորտ ստեղծելով զէնքի հսկայական ներդրումները արդարացնելու քարոզչութեամբ, մենք պէտք է յիշենք Հռոմի եպիսկոպոսի այդ մարգարէական խօսքերը, խօսքերն անոր` որ եկած էր «հեռաւոր երկրէն», որոնք այսօր կ՛ արձագանքեն իր յաջորդին կողմէ, որ նոյնպէս առանձին մնացած է` աղաղակելու համար պատերազմի յիմարութեան դէմ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2025, 09:15
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031