ՀՀ Նախագահը կոչ կ՝ընէ մասնակցելու «Սահմանային համայնքներու հզօրացում» համահայկական դրամահաւաքին
ՀՀ նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեան կոչ կ՝ընէ Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած բոլոր պետական այրերուն, հոգեւոր առաջնորդներուն, Սփիւռքի մէջ գործող կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, անհատներուն իրենց ողջ ներուժը ուղղելու Հիմնադրամի «Սահմանային համայնքներու հզօրացում» համահայկական դրամահաւաք-արշաւին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն։
Դրամահաւաքի ծիրէն ներս հաւաքագրուած ողջ գումարը պիտի ուղղուի սահմանային համայնքներու ամենահրատապ անհրաժեշտութիւն ունեցող հասարակական-տնտեսական խնդիրներուն։
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի կոչին մէջ նշուած է․
«Սիրելի հայրենակիցներ,
Վերջին օրերուն հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին հակառակորդի կողմէն ձեռնարկուած ռազմական գործողութիւնները կրկին անգամ մեզի կը մղեն Հայրենիքի շուրջ համախմբուելուն եւ մեր ջանքերը անոր պաշտպանութեան ու հզօրացման ուղղելուն։
Հակառակ անոր, որ տասնամեակներ շարունակ յարձակողական գործողութիւններու թիրախին վրայ ենք՝ Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչները ամուր կանգնած են իրենց հողին եւ դարձած են մեր անսասան սահմանապահները։
Սահմանամերձ համայնքները Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին, ուստի այդ համայնքներուն անվտանգային, տնտեսական եւ հասարակական աջակցութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը նախաձեռնած է «Սահմանային համայնքներու հզօրացում» համահայկական դրամահաւաք-արշաւ, որուն ծիրէն ներս հաւաքագրուած ողջ գումարը պիտի ուղղուի սահմանային համայնքներու ամենահրատապ անհրաժեշտութիւն ունեցող հասարակական-տնտեսական խնդիրներուն։
Կոչ կ՝ընեմ Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած բոլոր պետական այրերուն, հոգեւոր առաջնորդներուն, Սփիւռքի մէջ գործող կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, անհատներուն իրենց ողջ ներուժը ուղղելու այս դրամահաւաքին՝ օգտագործելով Հիմնադրամի խողովակները եւ դրամական փոխանցումները իրականացնելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի www.himnadram.org կայքին մէջ յատուկ այս նախաձեռնութեան համար ստեղծուած առցանց հարթակի կամ դրամատնային հաշուեհամարներու միջոցով, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ կապուելու Հիմնադրամի տեղական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ հաւաքագրուած միջոցները նաեւ այդ խողովակներով Հիմնադրամին փոխանցելու նպատակով։
Հայրենիքը կը սկսի սահմանապահ համայնքներէն։ Հիմնադրամը մշտապէս իր ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէ սահմանային բնակավայրերու հզօրացումը՝ բազմաթիւ ենթակառուցուածքներու վերականգնման ու զարգացման, նորարարական գիւղատնտեսական նախագիծերու ներդրման, աջակցման ծրագրեր իրականացնելով այս համայնքներուն մէջ։ Այսօր, սահմանամերձ համայնքներու բնակիչները մեր, իբրեւ միասնական համահայկական ընտանիքի, աջակցութեան կարիքը ունին։
Համախումբ ջանքերով ամրացնենք ու հզօրացնենք մեր սահմանային համայնքները»։
«Քաղուած Եռագոյն» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ