Որոնել

Նախահ Կորպաչովն ու Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը Նախահ Կորպաչովն ու Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 

Մահացած է Միխայել Կորպաչով նախագահը

1990 թուականին նախագահ Կորպաչով ստացած է խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

91 տարեկանին մահացած է ԽՍՀՄ վերջին ղեկավար, յայտնի հասարակական, քաղաքական գործիչ Միխայիլ Կորպաչովը: Ան եղած է ԽՍՀՄ առաջին եւ վերջին նախագահը (1990 թուականի 15 մարտ - 1991 թուականի 25 դեկտեմբեր)։ Նախագահ Կորպաչովը մահացած է երկարատեւ եւ ծանր հիւանդութիւնէն յետոյ։

Արժանի է յիշել, թէ 1 դեկտեմբեր 1989ին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ անմոռանալի հանդիպում մը նախագահ Միխայիլ Կորպաչովի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին միջեւ։ Սովետական միութեան նախագահն ու Լեհ Պապը իրարու ձեռք կը բռնած լուսանկարը համայն աշխարհի մէջ կը տարածուի պատմական աներեւակայելի մթնոլորտին մէջ. նախագահ Կորպաչովը, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին մօտը կայնած՝ մինչ Արեւելեան Եւրոպային մէջ համայնավարական վարչակարգերը կը փլուզուին։

1990ին, նախագահ Կորպաչով ստացած է խաղաղութեան նոպելեան մրցանակ, «Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ արմատական փոփոխութիւններուն իր առաջատար դերին համար»։

1991ին, օգոստոս թուականին, Նախագահ Կորպաչով կը վերապրի պետական յեղաշրջումէ մը եւ ապա երեք օր կը բանտարկուի Սեւ Ծովի նախագահական պալատին մէջ ու նոյն թուականին դեկտեմբեր ամսոյն կը փլուզուի խորհրդային միութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2022, 12:08