Որոնել

Rayi_82122.jpg

«Առանց Հանրապետութեան Նախագահի ո՛չ խորհրդանիշ կայ եւ ո՛չ ալ Լիբանանեան միասնականութիւն» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Ամօթալի է, որ 1988-էն ի վեր Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը վերածուած է սովորութեան մը: Կարծէք այդ ընտրութիւնը արգելակող ուժերը կ՛ուզեն ուղղել այն պատգամը, թէ Ա. իշխանութիւնը պատուոյ պաշտօն մըն է, որ բացարձակապէս կարեւորութիւն մը չի ներկայացներ, եւ պետութեան աշխատանքը կ՛ընթանայ հանրապետութեան նախագահին ներկայութեամբ կամ անոր բացակայութեամբ»
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ իրենց պարտականութիւնն է խօսքը ուղղել պատասխանատուներու խիղճերուն եւ զանոնք մղել կազմելու ամբողջական լիազօրութիւններով նոր կառավարութիւն մը, որ ամէնօրեայ դրութեամբ ստանձնէ իր սահմանադրական պատասխանատուութիւնները:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու` յարգելով սահմանադրական ժամկէտը:

«Ամօթալի է, որ 1988-էն ի վեր Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը վերածուած է սովորութեան մը: Կարծէք այդ ընտրութիւնը արգելակող ուժերը կ՛ուզեն ուղղել այն պատգամը, թէ Ա. իշխանութիւնը պատուոյ պաշտօն մըն է, որ բացարձակապէս կարեւորութիւն մը չի ներկայացներ, եւ պետութեան աշխատանքը կ՛ընթանայ հանրապետութեան նախագահին ներկայութեամբ կամ անոր բացակայութեամբ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` հարց տալով, թէ արդեօք ներկայ փուլը վերջի՞նն է վարչակարգի փոփոխութեան, Թաէֆին դէմ յեղաշրջումին եւ պետութիւնը տապալելու իմաստով:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց բոլորին չմտածելու, որ այդ քայլը այդքան դիւրին կարելի կ՛ըլլայ իրագործել: «Թող բոլորը ի մտի ունենան, որ հանրապետութեան նախագահութիւնն է լիբանանեան գոյացութեան հիմքը եւ Լիբանանի միասնականութեան խորհրդանիշը: Առանց հանրապետութեան նախագահի ո՛չ խորհրդանիշ կայ եւ ո՛չ ալ լիբանանեան միասնականութիւն: Հետեւաբար կը պահանջենք հանրապետութեան նախագահ մը, որ լիբանանեան գոյացութեան, լիբանանցիներուն եւ ազգային խորհրդանիշին մակարդակով ըլլայ, ժողովուրդին մէջ փչէ զարթօնքի հոգին եւ գծէ Լիբանանի սահմանները` ո՛չ միայն արտաքին երկիրներուն հետ, այլ նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու, որոնք սանձարձակ կերպով կը վարուին պետութեան, իշխանութեան ու բանակին հետ, կարծէք սահման եւ արժանապատուութիւն չըլլայ», շեշտեց Ռայի:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2022, 08:35