Որոնել

Senza-titolo-13.jpg

Անկախ Արցախը՝ Հայկական Արցախ ունենալու հիմնական երաշխիքն է

Ստեփանակերտի մէջ 2 սեպտեմբերին քայլերթ եւ հանրահաւաք՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման

Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով Արցախի Ազգային ժողովի բոլոր հինգ խմբակցութիւններուն նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 2-ին կը յայտարարուի հանրային ձեռնարկներու կազմակերպման մասին:

Այդ օրը` ժամը 17:30-ին, Ստեփանակերտի Ազատութեան հրապարակէն բոլոր քաղաքացիներն ու մայրաքաղաքի հիւրերը կը հրաւիրենք քայլերթի, իսկ ժամը 19:00 -ին կեդրոնական՝ Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի կ՝ունենայ հանրահաւաք՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան հռչակման:

Արցախի ժողովուրդը հաւատարիմ է իր զաւակներուն արեամբ հաստատուած, հազարաւոր նուիրեալներու յամառ աշխատանքով ու քրտինքով կերտուած ինքնիշխան պետականութեան: Մասնակցելով երթ-հանրահաւաքին, մենք կը միանանք ազատութեան համար շարունակուող պայքարին՝ աշխարհին ի ցոյց դնելով մեր միասնականութիւնը եւ մեր իրաւունքներուն տէր կանգնելու կամքն ու վճռականութիւնը: Անկախ Արցախը՝ հայկական Արցախ ունենալու հիմնական երաշխիքն է:

ԱՀ Ազգային ժողով

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2022, 08:51