Որոնել

image-1.jpg

31-ամեակ Հայաստանի անկախութեան

Հայաստան Ի. դարուն երկու անգամ վերականգնած է իր անկախութիւնը. 28 մայիս 1918-ին եւ 21 սեպտեմբեր 1991-ին:

Խորհրդային Հայաստանի քաղաքացիները 31 տարի առաջ, 21 սեպտեմբեր 1991-ին, պատմական որոշում կայացնելով եւ հանրաքուէով «այո» ըսելով, բռնեցին անկախութեան ուղին:

Հայաստան Ի. դարուն երկու անգամ վերականգնած է իր անկախութիւնը. 28 մայիս 1918-ին եւ 21 սեպտեմբեր 1991-ին:

Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը ընդունուեցաւ 23 օգոստոս 1990-ին, Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նստաշրջանին: Խորհրդարանին որոշումով` 21 սեպտեմբեր 1991-ին պիտի կատարուէր հանրաքուէ, Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու եւ անկախ պետականութիւն հռչակելու առաջադրանքով:

Հանրաքուէն կատարուեցաւ խորհրդային ընտրական օրէնսգիրքի տրամադրութիւններուն համաձայն: Հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունէր 2 միլիոն 163 հազար 967 անձ, որոնցմէ մասնակցեցաւ 2 միլիոն 56 հազար 792 անձ, այսինքն` 95.5 առ հարիւր համեմատութիւնը: Անկախութեան թեր քուէարկեց 2 միլիոն 42 հազար 617 անձ. դէմ` քուէարկողներուն 0.46 առ հարիւր համեմատութիւնը:

Անկախութեան հանրաքուէին ընթացքին հետեւեցաւ 117 դիտորդ` 25 երկիրներէ:

Ընտրութենէն երկու օր ետք, 23 սեպտեմբեր 1991-ին Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը հրապարակեց քուէարկութեան պաշտօնական արդիւնքները:

Հանրաքուէին արդիւնքները խորհրդարանի ամպիոնէն հրապարակեց Բաբգէն Արարքցեան, իսկ Հայաստանի գերագոյն խորհուրդի` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան մասին որոշումը ընթերցեց երեսփոխան Արամ Մանուկեան:

Նոյն օրը Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոս յատուկ ջերմութեամբ ողջունեց ու օրհնեց քաղաքացիներու որոշումը եւ Հայաստանի անկախութիւնը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2022, 09:00