Էլիզապեթ Բ.-ի յուղարկաւորութիւնը` 19 Սեպտեմբերին. Չարլզ Գ. պաշտօնապէս Բրիտանիոյ Թագաւոր. Ան կը խոստանայ հետեւիլ մօր օրինակին
Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան հանգուցեալ թագուհի Էլիզապեթ Բ.-ի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19 սեպտեմբերին: Նախատեսուած է պետական արարողակարգ: Յուղարկաւորութեան օրը երկուշաբթի է, որ պիտի ըլլայ ոչ աշխատանքային օր:
Յուղարկաւորութեան նախորդող 4 օրերու ընթացքին դագաղը պիտի տեղադրեն Բրիտանիոյ խորհրդարանի սրահը, որ հպատակները կարենան հրաժեշտ տալ 70 տարի եւ 7 ամիս գահակալած 96 տարեկան միապետին:
Յուղարկաւորութեան ընթացակարգը տասնամեակներ առաջ մանրամասնօրէն մշակուած է Էլիզապեթ Բ.-ի անմիջական մասնակցութեամբ:
Երէկ Էլիզապեթ Բ.-ի դիակը դուրս բերուեցաւ Պալմորըլ ամրոցէն, ուր 8 սեպտեմբերին մահացած էր թագուհին: Դագաղը ծածկուած էր սկովտիական դրօշով, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակով` կազմուած այն ծաղիկներէն ու բոյսերէն, որոնք թագուհին կը սիրէր:
Դագաղը 170 քիլոմեթր ճամբայ անցնելով հասաւ Էտինպըրկեան պալատ: Սգոյ երթը բաղկացած էր 7 ինքնաշարժներէ եւ անցաւ քանի մը բնակավայրերէ: Մարդիկ արդէն քանի մը ժամ առաջուընէ տեղաւորուած էին ճամբու երկայնքին` իրենց թագուհիին յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու:
Մինչ այդ, շաբաթ օր Գահաժառանգութեան խորհուրդը Չարլզ Գ.-ը պաշտօնապէս հռչակեց Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան թագաւոր:
Չարլզ Գ. Էլիզապեթ Բ.-ի ի յիշատակ պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով խոստացաւ հետեւիլ անոր օրինակին: «Ես խորապէս կը գիտակցիմ մենիշխանի այս մեծ ժառանգութեան եւ պարտականութիւններուն ու կարեւոր պատասխանատուութեան, որոնք այժմ ինծի փոխանցուած են:
«Այս պատասխանատուութիւնը ստանձնելով` ես պիտի ձգտիմ հետեւիլ Էլիզապեթ Բ.-ի այս ոգեշնչող օրինակին, որ փոխանցուած է ինծի` աջակցելու սահմանադրական կառավարութեան եւ հասնելու խաղաղութեան, ներդաշնակութեան եւ բարգաւաճման թագաւորութեան ժողովուրդներուն եւ ամբողջ աշխարհի տարածքներուն համար», ըսաւ Չարլզ Գ. թագաւոր:
Բրիտանիոյ նոր թագաւորը յայտարարեց, որ Էլիզապեթ Բ. թագուհին իր երկրին նկատմամբ յաւերժական սիրոյ եւ անձնուրաց ծառայութեան օրինակ եղած է:
Ան ատկէ ետք աւանդական երդում տուաւ Անկլիքան եկեղեցին պահպանելու եւ պաշտպանելու համար ու ստորագրեց երդման փաստաթուղթի երկու օրինակ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ