Արքայազն Չարլզ Անգլիոյ Թագաւոր
Մեծ Բրիտանիոյ թագուհի Եղիսաբէթ II-ի մահէն անմիջապէս ետք երկրի թագաւոր դարձած է արքայազն Չարլզը՝ Ուելսի նախկին արքայազնը, քանի որ ան էր յաջորդ թագաժառանգը։
Սակայն պաշտօնապյս Չարլզը միապետ պիտի չկոչուիր մինչեւ ուրբաթ՝ միապետի մահուան յաջորդ օրը: Անոր պաշտօնական նստավայրէն՝ Քլաըենս Հաուսէն, հաստատած են, որ ան պիտի կրէ Քարլ III անունը։
Արքայազն Չարլզի տիտղոսը պիտի փոխանցուի աւագ որդուն՝ արքայազն Ուիլիյամին՝ Քեմպրիճի դուքսին։
Իր յայտարարութեան մէջ Նորին Մեծութիւն Թագաւորն ըսած է. «Իմ սիրելի մօր՝ Նորին Մեծութիւն Թագուհիի մահը մեծ տխրութեան պահ է ինծի եւ իմ ընտանիքի բոլոր անդամներու համար»:
Յիշեցնենք, որ երէկ 96 տարեկան Մեծն Բրիտանիոյ թագուհին՝ Եղիսաբէթ Բ. իր աչքերը յաւերժին փակեց:
Աւելի վաղ Պեքինկհեմեան պալատը յայտնած էր, որ բժիշկները անհանգստացած են Մեծն Բրիտանիոյ թագուհի՝ Եղիսաբէթ Բ.ի առողջական վիճակով եւ անոր խորհուրդ տուած են մնալ մասնագէտներու հսկողութեան տակ:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ