Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Inizio - Requiem, grande Messe des Morts, Op. 5 per tenore, coro e orchestra
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Արխիւային պատկեր Արխիւային պատկեր 

Ե. Հ. Խ.ի 11-րդ համաժողովը յատուկ յայտարարութեամբ կ՚անդրադառնայ Արցախի տագնապին

Յիշեալ յայտարարութեան մէջ համաժողովը կը դատապարտէ Արցախի 44-օրեայ Ազրպէյճանի կողմէ նախայարձակ պատերազմը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին։

Այս օրերուն Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը միջազգային տագնապներու մասին իր կատարած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջագծէն ներս, յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին։

Յայտնենք, որ միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբի զեկուցաբերը՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ քաղաքական գիտութեանց ու միջազգային օրէնքի դասախօս՝ Լիբանանեան Համալսարանէն ներս, յիշեալ յայտարարութեան խմբագրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ՝ խորհրդակցելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ թէ՛ Գերմանիա մեկնելէ առաջ եւ թէ՛ համաժողովի աշխատանքներու ընթացքին։ Դոկտ. Պայրագտարեան Ե.Հ.Խ.ի միջազգային տագնապներու յայտարարութեանց շարքին նաեւ համաժողովին ներկայացուց Արցախի մասին յայտարարութիւնը։

Յիշեալ յայտարարութեան մէջ համաժողովը կը դատապարտէ Արցախի 44-օրեայ Ազրպէյճանի կողմէ նախայարձակ պատերազմը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին։ Համաժողովը նաեւ կը դատապարտէ քիմիական զէնքի գործածութիւնը եւ միջազգային օրէնքին հակասող պատերազմական այլ յանցագործութիւնները։ Ան կոչ կ՚ուղղէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.), Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանին անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ քաղաքային պատանդները եւ ռազմագերիները։ Համաժողովը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Արցախի գրաւեալ շրջաններու սրբավայրերուն եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման նկամամբ եւ կոչ կ՚ուղղէ ԵՈՒՆԵՍՔՕին ու միջազգային համայնքին բոլոր միջոցներով պաշտպանելու ու պահպանելու հայկական մշակութային ու կրօնական կառոյցներն ու վայրերը։

Համաժողովը միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի շրջանակներուն շուտով երկխօսութեան սկսելու Արցախի հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ լուծման համար։ Վերջապէս, ան կը թելադրէ Խորհուրդի անդամ բոլոր եկեղեցիներուն աշխատելու շրջանէն ներս համերաշխութիւն հաստատելու եւ արդար ու կայուն լուծում գտնելու ի խնդիր։

Յայտնենք, որ Արցախի պատերազմի օրերուն, ինչնէս նաեւ յաջորդող շրջանին, Ե.Հ.Խ.ը ադրադարձած էր Արցախի հարցին եւ անոր արդար լուծում գտնելու հրամայականին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2022, 08:31
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031