ՀԱՊԿի վեհաժողովին քննարկուեցան Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու քայլերը
Հակառակ պաշտօնական Երեւանի ակնկալութիւններուն, Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին յաջորդած հաղորդագրութեան մէջ որեւէ քաղաքական գնահատական չկայ 13 Սեպտեմբերին Հայաստանի սահմաններուն վրայ ատրպէյճանական յարձակումին վերաբերեալ եւ չի նշուիր, թէ ինչպէ՛ս պիտի վերականգնի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Նիստին, որուն կը մասնակցէին դաշինքի անդամ վեց երկիրներու ղեկավարները՝ քննարկուեցան Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու միացեալ քայլերը, բայց չհաղորդուեցաւ, թէ որո՛նք են անոնք։
Կը նշուի, որ կառոյցի Ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս ներկայացուց 15 Սեպտեմբերին Հայաստան գործուղուած ՀԱՊԿի առաքելութեան զեկոյցը սահմանային իրավիճակին մասին: Իսկ բուն՝ 13 Սեպտեմբերի դէպքերը, կը ներկայացուին իբրեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սրացում` առանց նշելու, թէ ո՛ր կողմը սկսած է ռազմական գործողութիւններուն:
Մինչդեռ Հայաստանի կառավարութեան հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ընդհանուր քարտուղարի զեկոյցը մեծապէս արտայայտած է իրողութիւնները, մասնաւորաբար՝ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժման փաստը եւ անոր կրկնութեան վտանգը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ուժերուն` ելման դիրքերը վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքին` Հայաստանի վարչապետը խօսեցաւ ՀԱՊԿէն Հայաստանի ունեցած ակնկալութիւններուն մասին, ըստ էութեան կրկնելով օրեր առաջ Ազգային ժողովէն կատարած իր յայտարարութիւնը:
«Ո՞րն է մեր ակնկալիքը, շատ յստակ ակնկալիք կայ, որ Հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութիւնը յստակ քաղաքական գնահատական կը տայ տեղի ունեցածին, եւ երկրորդը` կ’ընդունի ճանապարհային քարտէզ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու վերաբերեալ», ըսած էր Փաշինեան:
ՀԱՊԿի փակ նիստէն կարճ տեսանիւթ տարածեց Քրեմլինի պաշտօնական կայքը. հակիրճ իր խօսքին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը յայտարարէ, որ Ռուսիա միշտ աջակցած է Հայաստանին ապահովութեան երաշխաւորման։
«Այսօր ալ մենք ամէն ինչ կ՛ընենք՝ Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման համար: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ բոլորին հասկնալի է եւ բոլորին համար պարզ է, որ դեռ ոչ կանուխ անցեալին, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Ռուսիա մէկ միասնական պետութեան կազմին մէջ էին, եւ մենք զօրաւոր կապեր ունինք թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի հետ, եւ կարելի չէ այդ մէկը նկատի չունենալ: Մենք բոլորս հիմա շատ բարդ իրավիճակի մէջ ենք, բայց մենք չենք կրնար անմասն մնալ Ռուսիոյ մօտ այս երկիրներու հարցերէն ու հակամարտութիւններէն: Մենք պատրաստ ենք նպաստելու անոնց խաղաղ լուծման», կ՛ընդգծէ Փութին:
Ան խաղաղութեան միակ հնարաւոր ճամբան կը տեսնէ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն յայտնի միացեալ յայտարարութիւններու բոլոր դրոյթներու խիստ պահպանումը:
Փութին կ՛աւելցնէ, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ մարդասիրական հարցերու լուծման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացման շնորհիւ կարելի է հասնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման:
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան փոխանցած տեղեկատութեան՝ ՀԱՊԿի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն տրուած է որոշման նախագիծ մը համաձայնեցնելու յանձնարարական: Իսկ Պելոռուսի արտաքին գործոց նախարարութենէն ատրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութեան փոխանցեցին, որ Նոյեմբերի աւարտին նախատեսուած հանդիպման ընթացքին դարձեալ պիտի անդրադառնան հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրավիճակին:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ