Որոնել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել 

Ատրպէյճան բռնագրաւած է Հայաստանէն տարածքներ, սակայն Պրիւքսէլ Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ չի նախաձեռներ․ Պորել

Ի տարբերութիւն նախորդ քննարկումներուն, այս անգամ Պորել քանի մը անգամ կրկնեց` Ատրպէյճան յարձակեցաւ` գրաւելով հայկական տարածքներ: Ան ընդգծեց` Եւրոպական Միութիւնը կը պահանջէ Պաքուէն ետ քաշել զօրքը ու հետաքննել նախօրէին տարածուած տեսանիւթը` գերիներու գնդակահարութեան:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել՝ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին հաստատեց, որ Ատրպէյճան յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ եւ բռնագրաւեց որոշ տարածքներ, սակայն միութիւնը չի նախաձեռներ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ, որոնց կարգին` կազի պայմանագիրի չեղարկում կամ սառեցում։ Այս մասին տեղեկացուց «Ազատութիւն»ը։

«Պարզապէս ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի հրթիռները եւ անօդաչու թռչող սարքերը թիրախ դարձուցին Հայաստանի տարածքը` վնասելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ: Ատրպէյճան բռնագրաւած է Հայաստանի որոշ տարածքներ, եւ ասիկա բացարձակապէս անընդունելի է: Ասիկա Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի խախտում է, եւ հիմա զօրքերը այնքան մօտ կանգնած են իրարու, որ նոր հակամարտութեան վտանգ կայ», ըսաւ ան։

Ի տարբերութիւն նախորդ քննարկումներուն, այս անգամ Պորել քանի մը անգամ կրկնեց` Ատրպէյճան յարձակեցաւ` գրաւելով հայկական տարածքներ: Ան ընդգծեց` Եւրոպական Միութիւնը կը պահանջէ Պաքուէն ետ քաշել զօրքը ու հետաքննել նախօրէին տարածուած տեսանիւթը` գերիներու գնդակահարութեան:

Սակայն, Պորելի հասցէագրուած քննադատութիւնը պատգամաւորները չէր գոհացներ: «Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ միայն դատապարտելով իրավիճակ չի փոխուիր», յայտարարեց յոյն պատուիրակը: «Պաքուն միայն ուժի զօրութիւնը կը հասկնայ», իր կարգին ըսաւ Հոլանտայի ներկայացուցիչ Փիթըր վան Տալեն` առաջարկելով չեղարկել կամ գոնէ այս պահուն սառեցնել Ատրպէյճանի հետ կնքուած կազի համաձայնագիրը:

Քննարկումի հրաւէր ուղղուած էր երկու շաբաթ առաջ՝ հայ – ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած արիւնալի բախումներէն ետք: Պատգամաւորներէն շատեր  պնդեցին, որ Ատրպէյճան Հայաստանի նկատմամբ կ՛ընէ այն, ինչը Ռուսիա՝ Ուքրանիոյ դէմ, ինչո՞ւ Միութիւնը մէկ պարագայի վճռական, միւս պարագային երկչոտ քայլերու կը ձեռնարկէ: Պորել գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ պատասխաններ տուաւ: «Մենք միայն որոշ կարելիութիւններ ունինք մեր ձեռքը: Շատ ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ դուք ինծի առաջարկէք` ի՛նչ կարելի է ընել», ըսաւ ան։

Իբրեւ պատասխան` եւրոպացի պատգամաւորները մատնացոյց ըրին  Ատրպէյճանի հետ վերջերս կնքուած համաձայնագիրը: «Ի՞նչը աւելի կարեւոր է՝ Ատրպէյճանի կա՞զը, թէ՞ հայերուն արիւնը», հարցուց ֆրանսացի Ժորտան Պորտելլա: Պորել հակադարձեց, որ այդ երկուքին միջեւ որեւէ կապ չի տեսներ:

Կիպրացի Քոսթաս Մավրիտես աւելի ուղիղ ձեւակերպեց հարցը՝ հարցնելով, որ պատրա՞ստ էք պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի դէմ: «Որքանով ես տեղեակ եմ` անդամ պետութիւններէն որեւէ մէկը նման առաջարկ սեղանին չէ դրած: Պատժամիջոցներու սահմանումը, ինչպէս գիտէք, անդամ երկիրներու գործն է»,  հակադարձեց Եւրոպական Միութեան փոխնախագահը` ակնարկելով, թէ այդ հարցը պատգամաւորները պէտք է նախ իրենց մայրաքաղաքներուն մէջ բարձրացնեն:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հարցում-պատասխանին ընթացքին Պորել քանի մը անգամ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է գործի դնել բոլոր հնարաւորութիւնները` լարուածութիւնը մեղմացնելու, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար, միայն թէ այդ գործիքները իսկութեան մէջ շատ չեն: Պատրաստ են անգամ դիտորդական առաքելութիւն ուղարկել սահման, միայն թէ անոր համար նաեւ Պաքուի համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է, սակայն՝ չկայ:

Պատգամաւորներէն մէկը դիտել տուաւ, որ օր մը ետք Փրակի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան ոչ-պաշտօնական գագաթնաժողովի՝ «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն» թեմայով քննարկումը, որուն հրաւիրուած է նաեւ յարձակող երկրի՝ Ատրպէյճանի նախագահը։  «Ինչո՞ւ, այսպիսով Եւրոպական Միութեան վարկանիշը կասկածի տակ կը դրուի», հարց տուաւ դանիացի Քարենա Մելքիոր՝ հաստատելով, որ Եւրոպական Միութեան մտահոգ ըլլալու լուրերը երգիծանքի առարկայ դարձած են ընկերային ցանցերուն վրայ։

Պորել անգամ մը եւս քննադատութիւնը չընդունեց եւ իր կարգին գնդակը Եւրոպական խորհրդարանին կողմը նետեց: «Հանդիպման հրաւիրուած են այն երկիրները, որոնց հետ ունենք գործընկերութեան, կամ` համագործակցութեան պայմանագիրներ, որոնց սառեցման կամ դադրեցման հարց Եւրոպական խորհրդարանը չէ դրած: Թոյլ տուէք ըսել` դուք ալ Եւրոպական Միութեան անդամ էք: Եթէ կը կարծէք՝ քայլ առնելու կարիք կայ, առէք։ Եթէ չէք ուզեր, որ Ատրպէյճան հրաւիրուի, դիւրին ձեւ կայ` գործընթացի սկսեցէք այս ատեանին մէջ, որպէսզի Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը դադրեցուի», ըսաւ Պորել՝ աւելցնելով, որ այս պահուն, եւրոպական կողմը կ՛աշխատի, որ սահմանազատման հայ-ատրպէյճանական յանձնաժողովը մինչեւ այս ամսուան վերջը հանդիպում մը եւս ունենայ Պրիւքսէլի մէջ։ «Կը կարծէ՞ք, թէ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ունենայ բաւարար ազդեցութիւն Ատրպէյճանի վրայ` միջնորդութիւն իրականացնելու, արդար եւ կայուն համաձայնագիրի հասնելու համար»,  հարցուց պատգամաւորներէն մէկը: «Յոյս ունիմ, բայց չեմ կրնար երաշխաւորել», արձագանգեց Պորել:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2022, 08:10