Որոնել

Եւրոպական խորհրդարան Եւրոպական խորհրդարան 

ԵԽԽՎ-ի տասնեակ պատգամաւորներ հայանպաստ դիրքով հանդէս եկած են

Խորհրդարանականները ամենախիստ կերպով դատապարտած են Ատրպէյճանի յարձակումը, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Հելսինքեան եզրափակիչ ակտի, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւններու կոպտագոյն խախտում է Եւրոպայի խորհուրդի առաջ:

Նշելով, որ Ատրպէյճանը լայնածաւալ ռազմական յարձակում նախաձեռնած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի դէմ 2022 թուականի սեպտեմբերին, պատգամաւորները ընդգծած են, որ «ռազմական յարձակման այս չհրահրուած գործողութիւններով Ատրպէյճանը թիրախաւորած է նաեւ Հայաստանի բնակավայրերու քաղաքացիական ենթակառուցուածքը, որու հետեւանքով հարիւրաւոր մարդիկ զոհուած են, ներառեալ՝ խաղաղ բնակիչներ:

«Կան խոշտանգումներու, գերի ինկած եւ մահացած զինուորներու, նաեւ՝ կանանց խեղման դէպքերու սարսափելի վկայութիւններ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Խորհրդարանականները ամենախիստ կերպով դատապարտած են Ատրպէյճանի յարձակումը, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Հելսինքեան եզրափակիչ ակտի, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւններու կոպտագոյն խախտում է Եւրոպայի խորհուրդի առաջ:

«Մենք նաեւ կը դատապարտենք ատրպէյճանական զինուժի կողմէ հայ ռազմագերիներու նկատմամբ կանխամտածուած սպանութիւնները, խոշտանգումները եւ անմարդկային վերաբերմունքը, որոնց տեսանիւթերը հրապարակուած են ընկերային ցանցերու մէջ»,- նշած են ստորագրողները։

Անոնք Ատրպէյճանին կոչ ըրած են զերծ մնալու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ յարձակման հետագայ գործողութիւններէն եւ մասնակցելու բանակցային գործընթացին։ Անոնք նաեւ պահանջած են ատրպէյճանական զինուժի անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն եւ բոլոր ռազմագերիներու ու միւս պահուող անձանց անյապաղ հայրենադարձումը։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2022, 08:59