Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող մշակութային եղեռնը նպատակ ունի զրկելու Արցախը իր պատմական ինքնութենէն․ Մայր Աթոռ Սբ․ Էջմիածին
Ինչպես Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին, այնպէս եւ յետպատերազմեան շրջանին չեն դադրած հայոց հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հանդէպ Ազրպէյճանի կողմէ ոտնձգութիւնները եւ բարբարոսական գործողութիւնները։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Մայր Աթոռի՝ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերով գրասենեակը:
«Օրերս ԱՄՆ Քորնելի համալսարանի Caucasus Heritage Watch կառոյցին կողմէ հրապարակուած արբանեակային տեսագրութիւններու հետազօտութեան իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ Ազրպէյճանը հիմնայատակ աւիրած է Հադրութի շրջանի Մոխրենիս գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին (18-19 դդ․)»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ շարունակ իրականացուող մշակութային եղեռնը, որուն նպատակը մէկն է՝ զրկել Արցախ աշխարհը իր պատմական ինքնութենէն, հայկականութեան որեւէ վկայութենէ։
Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ որդեգրուած այս քաղաքականութիւնը միտում ունի խորացնելու ազգերու միջեւ ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը եւ չի նպաստեր տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան վերահաստատման։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան ու պատկան կառոյցներուն յստակ գնահատական տալու սոյն յանցագործութեան եւ գործնական քայլեր ձեռնարկելու յետագայ վերացումէն փրկելու Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական հոգեւոր-մշակութային պատմական ժառանգութիւնը։
Աղբիւրը` Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ