Որոնել

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով 

Քրեմլին կ՝ողջունէ Վատիկանի միջնորդութիւնը եւ կը հերքէ Զապորոժիէի հիւլէական կայանէն հեռանալու պատրաստակամութեան մասին լուրը

Ուքրանիոյ հիւլէական ուժանիւթի պետական ընկերութեան նախագահը յայտնած էր, որ գոյութիւն ունին ցուցանիշեր, ըստ որոնց, ռուսական ուժերը թերեւս կը պատրաստուին հեռանալու հիւլէական կայանէն, զոր գրաւած էին մարտին:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ողջունեց Ուքրանիոյ տագնապին մէջ միջնորդութիւն կատարելու Վատիկանի պատրաստութիւնը` հերքելով այն լուրը, թէ Ռուսիան պատրաստ է հեռանալու Զապորոժիէի հիւլէական կայանէն:

Ինրոհոտարի մէջ Ռուսիոյ կողմէ նշանակուած վարչութիւնը երէկ առաւօտեան անդրադառնալով ուքրանացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը այն նշումին, թէ ռուսական ուժերը պատրաստ են հեռանալու, յայտարարեց. «Զապորոժիէի հիւլէական կայանը կը շարունակէ մնալ ռուսական վերահսկողութեան տակ: Լրատուամիջոցները կը շարունակեն հրապարակել սուտեր, թէ Ռուսիան մտադիր է Ինրոհոտարէն քաշուելու եւ հիւլէական կայանը լքելու, եւ այդ տեղեկութիւնները ճիշդ չեն»:

Ուքրանիոյ հիւլէական ուժանիւթի պետական ընկերութեան նախագահը նախքան այդ յայտնած էր, որ գոյութիւն ունին ցուցանիշեր, ըստ որոնց, ռուսական ուժերը թերեւս կը պատրաստուին հեռանալու հիւլէական կայանէն, զոր գրաւած էին մարտին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2022, 08:15