Որոնել

1669224809446.jpg

Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ անհետ կորսուած է 15 հազար մարդ

Այս մասին հաղորդած է անհետ կորսուածներու հարցերով միջազգային յանձնախումբի ներկայացուցիչը:

Աւելի քան 15 հազար մարդ անյայտ կորսուած է ուքրանական պատերազմի ժամանակ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած է Անհետ կորսուածներու հարցերով միջազգային յանձնախումբի ներկայացուցիչը:

Լա Հէյի մէջ գործող կազմակերպութիւնը յուլիսին գրասենեակ բացաւ Քիեւի մէջ` օգնելու համար Ուքրանիոյ փաստաթուղթեր հաւաքելու եւ փնտռելու անհետ կորսուածները:

Կազմակերպութեան Եւրոպայի տնօրէն Մեթիու Հոլիտէյի համաձայն, տակաւին յստակ չէ, թէ քանի՛ մարդ բռնի տեղահանուած է, կը պահուի Ռուսիոյ մէջ, ողջ է եւ բաժնուած ընտանիքէն կամ մահացած:

«Ուքրանիոյ մէջ անհետ կորսուածներու որոնումները պիտի շարունակուին տարիներ, նոյնիսկ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումէն ետք», «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հոլիտէյ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2022, 08:08