Որոնել

flag-2608475_960_720 ok.jpg

Եւրոպական Խորհրդարանի անդամը դատապարտեց Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը

«Ատրպէյճանի կողմը կատարուած վայրագութիւններու հատուածը խորհրդարանը չի կրնար անտեսել: Ես վստահ եմ, որ մենք պիտի կարենանք այս նախագիծը վերամշակել եւ հասնիլ մեր նպատակին», յայտնեց Քասթալտօ:

Փաստահաւաք առաքելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ վստահ է, որ առաքելութեան ժամանակ հաւաքագրած արժէքաւոր տեղեկատուութիւնը կարելիութիւն կու տայ վեր առնելու այն առարկայական իրականութիւնը, որ Ատրպէյճան յարձակում գործած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ:

Ան հաստատեց, որ ի գործ պիտի դնէ բոլոր կարելիութիւնները՝ յառաջիկային Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ներկայացուելիք Հայաստանի վերաբերող զեկոյցին մէջ լրամշակումներ մտցնելու համար, իսկ Հայաստանի մէջ փաստահաւաք առաքելութեան ընթացքին հաւաքուած տեղեկութիւններ լաւապէս պիտի ծառայեն այս իմաստով: «Ատրպէյճանի կողմը կատարուած վայրագութիւններու հատուածը խորհրդարանը չի կրնար անտեսել: Ես  վստահ եմ, որ մենք պիտի կարենանք այս նախագիծը վերամշակել եւ հասնիլ մեր նպատակին», յայտնեց Քասթալտօ:

Ան նշեց, որ Ատրպէյճան փաստօրէն բռնագրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի որոշ հատուածներ: «Այս յարձակումներուն գծով Եւրոպական խորհրդարանը կրնայ միայն քաղաքական ուղերձով հանդէս գալ: Մենք լիազօրութիւն չունինք պատժամիջոցներ կիրարկելու, ընդամէնը կրնանք դիմել իշխանութիւններուն եւ հայցել համապատասխան գործողութիւն, բայց լծակ չունինք պարտադրելու»:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ իրենք շատ մտահոգ են եւ կը դատապարտեն Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ այն վայրագութիւնները, որոնք կատարուած են հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ:

«Մենք յոյս ունինք, որ մեղաւորները կը կանչուին պատասխանատուութեան: Մեզի համար շատ կարեւոր է շարունակել այն աշխատանքները, որոնք ընթացք կ՛առնեն մեր յանձնառութիւններուն տակ: Մենք կը դատապարտենք 2020էն ետք Ատրպէյճանի կողմէ ռազմագերիները չվերադարձնելու փաստը, ինչպէս նաեւ կողմ քուէարկած ենէ այն բանաձեւին, որուն միջոցաւ կը դատապարտուին հայկական մշակութային հաստատութիւններուն հանդէպ ոտնձգութիւնները», ըսաւ Քասթալտօ:

Ան նշեց, որ իրենք այցելած են Սիւնիք եւ տեսած ատրպէյճանական բանակի ռմբակոծման հետեւանքները՝ շեշտելով, որ քաղաքացիները չեն կրնար ապրիլ նման սպառնալիքներու տակ: Ան կոչ ուղղեց՝  շարունակելու դիւանագիտական ջանքերը եւ ապահովելու որեւէ հակամարտութեան կարգաւորում միա՛յն դիւանագիտական ուղիով:

Անդրադառնալով Արցախի կարգավիճակի մասին հարցին՝ Քասթալտօ շեշտեց, որ Արցախի  կարգավիճակի հարցի լուծումը պէտք է տան արցախցիները, եւ անիկա չի կրնար պարտադրուիլ դիւանագիտական շանթաժի միջոցով:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2022, 08:48