Որոնել

1667296973952.jpg

Փաշինեան. «Ալիեւ ո՛չ միայն կը սպառնայ, այլ եւ կը Նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան ցեղասպանութիւնը»

Փաշինեանը վստահ է, որ Ազրպէյճանը կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ցեղասպանութիւն. «Այս եւ նմանատիպ շարք մը գործողութիւններ ու յայտարարութիւններ ակնյայտ կը դարձնեն, որ Ալիեւը ո՛չ միայն կը սպառնայ, այլեւ արդէն կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ցեղասպանութիւն»:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ արձագանգեց եւ տխրահռչակ որակեց Իլհամ Ալիեւի` Շուշիի յայտարարութիւնները: Հայաստանի կառավարութեան նիստին Նիկոլ Փաշինեան Ազրպէյճանի նախագահը մեղադրեց պայմանաւորուածութիւնները չպահելու յանցանքով. «Ազրպէյճանը ուխտադրուժ իր գործելակերպը փորձ կը կատարէ վերագրելու Հայաստանին»:

Յիշեցնենք, որ Ալիեւը մեղադրած, պահանջներ ներկայացուցած էր Հայաստանին ու իր խօսքերը համեմած սպառնալիքներով:

«Տխրահռչակ այդ ելոյթով Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կոպտօրէն խախտած է ընդամէնը օրեր առաջ` սոյն թուականի 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ ընդունուած եռակողմ յայտարարութեամբ արձանագրուած գրաւոր պայմանաւորուածութիւնը` ուժի կիրարկումէ եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքէ ձեռնպահ մնալու մասին», ըսաւ ան:

Նիկոլ Փաշինեանը շարունակեց` 9 նոյեմբերի փաստաթուղթի խախտում է նաեւ Ալիեւի պնդումը, թէ Լեռնային Ղարաբաղ միաւոր գոյութիւն չունի այն պարագային, երբ միայն յայտարարութեան բնագիրին մէջ չորս անգամ կը յիշատակուի Լեռնային Ղարաբաղը. «Ազրպէյճանը մինչեւ օրս քայլերու չէ ձեռնարկած նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ միջազգային հանրութեան համար տեսանելի երկխօսութեան սկսելու ուղղութեամբ, ինչի վերաբերեալ պարտաւորութիւն ստանձնած է միջազգային շարք մը հարթակներու մէջ»:

Փաշինեանը վստահ է, որ Ազրպէյճանը կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ցեղասպանութիւն. «Այս եւ նմանատիպ շարք մը գործողութիւններ ու յայտարարութիւններ ակնյայտ կը դարձնեն, որ Ալիեւը ո՛չ միայն կը սպառնայ, այլեւ արդէն կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ցեղասպանութիւն»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2022, 08:05