Արեւմտեան Ամերիկայի թեմը Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան Համար 100,000 տոլարով Անթիլիասի մէջ Հիմնադրամ Հաստատեց
Ժողովուրդներու եւ ազգերու գոյութիւնը կ՛երաշխաւորուի կրօնքով, հայրենիքով ու մշակոյթով: Այս ծիրին մէջ, յատկապէս արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան գծով, հրաւիրուած ենք ծրագրելու եւ գործելու, թէ ի՛նչ միջոցներով ու ձեւերով կրնանք լեզուն պահել առողջ, առօրեային մէջ գործածական ու գրաւոր խօսքով շարունակական, ազգի կեանքին մէջ:
Այս ծիրին մէջ, ակներեւ է, թէ ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռը, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, տարիներէ ի վեր այս աշխատանքին լծուած է:
Ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը գումարեց Ազգային երեսփոխանական 50րդ ժողովը (արտակարգ), որուն ընթացքին, առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան մտածում մը խմորեց՝ ըսելով, որ յատուկ հիմնադրամ մը պէտք է գոյացուի, որպէսզի արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը հայրապետական աթոռը յառաջ տանի վերանորոգ թափով: Ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց Թորգոմ եպիսկոպոսի մտածումը եւ քաջալեր հանդիսացաւ նման հիմնադրամի մը ստեղծման:
Այս գծով, առաջնորդ սրբազանը եւ Ազգային վարչութիւնը ունեցան միատեղ խորհրդակցութիւն, որ յանգեցաւ Անթիլիասի մէջ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հիմնադրամի հաստատման, 100,000 տոլարով:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին, որ արեւմտեահայերէնի պաշտպանութեան հարցը նկատեն խիստ կարեւոր եւ անմիջական, ու իրենք եւս իրենց նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը բերեն ազգային-ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այս անյետաձգելի եւ կենսական ծրագիրին:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ