Որոնել

1223EU-670x375.jpg

ԵԽ Մարդու Իրաւունքներու յանձնակատարը կարեւոր կը նկատէ Լաչինի Միջանցքի բացումը

Տունեա Միյաթովիչ կոչ ուղղեց՝ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու այդ ճամբով տեղաշարժը վերականգնելու համար:
Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպական խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունեա Միյաթովիչ յայտարարեց, որ ուշադիր կը հետեւի Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին՝ նշելով, որ Լաչինի միջանցքի ապահովութեան պատասխանատուները պէտք է ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլերու՝ երթեւեկը հրատապ կարգով վերականգնելու եւ մարդկային իրավիճակի վատթարացումը կանխելու համար:

«Ես անհանգստացած եմ, որ մարդոց տեղափոխութեան երկարատեւ խափանումը, որուն պատճառով որոշ մարդիկ չեն կրնար հասնիլ իրենց տուները, ինչպէս նաեւ հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու, ներառեալ ուտելիքի մատակարարումներու եւ շտապ բժշկական օգնութեան հասանելիութեան կը դադրի, կը սպառնան Արցախի բնակչութեան մարդկային իրաւունքներու օգտագործման», շեշտեց ան:

Ան կոչ ուղղեց՝ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու այդ ճամբով տեղաշարժը վերականգնելու համար:

«Միջանցքի հասարակական կարգի եւ ապահովութեան երաշխաւորման պատասխանատու անձերը պէտք է ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ քայլերու՝ այդ ճամբով տեղաշարժը հրատապ կարգով վերականգնելու եւ մարդկային իրավիճակի վատթարացումը կանխելու համար: Ընդ որում, բոլոր համապատասխան շահագրգիռ կողմերը պէտք է խուսափին լարուածութեան աճէն», շեշտեց Միյաթովիչ՝ աւելցնելով. «Ներկայ իրավիճակը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ մարդասիրական օգնութեան եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային առաքելութիւններու ազատ եւ անխոչընդոտ հասանելիութեան ապահովման կարեւորութիւնը բոլոր տարածքներուն եւ բոլոր ժողովուրդներուն, որոնց կարգին՝ Արցախի մէջ բնակողներուն: Ինչպէս ես նշած եմ իմ 2021 թուականի յուշագիրին մէջ, համապատասխան իշխանութիւնները պէտք է մշակեն մուտքի արդիւնաւէտ եւ ճկուն եղանակներ, որոնք կարելիութիւն պիտի տան բոլոր համապատասխան դերակատարներուն, ներառեալ իմ գրասենեակիս, առաջնահերթութեան կարգով հասնելու անոնց, որոնք ունին մարդասիրական օգնութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարիք»:

Միյաթովիչ յայտնեց, որ՝ իբրեւ մարդու իրաւունքներու յանձնակատար, պիտի շարունակէ ուշադիր հետեւիլ Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին:

 «Ես պատրաստ եմ ներգրաւուելու բոլոր համապատասխան զրուցակիցներուն հետ՝ աջակցելու ներկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման», եզրափակեց Միյաթովիչ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2022, 07:41