Որոնել

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով  

Լաւրով բացայայտումներ կատարեց բանակցային գործընթացին մասին եւ մեղադրեց արեւմուտքը

Հայկական կողմին ուղղուած թափանցիկ ակնարկներէն բացի, նախարարը նաեւ մեղադրեց Արեւմուտքը՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբ կարգաւորման գործընթացին միջամտելու, Մոսկուայի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները սեփականաշնորհելու եւ կարգաւորման միակ ձեւաչափը՝ Մինսքի խումբը տապալելու համար:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով 1 Դեկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լայնօրէն անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու ընթացքին՝ հաստատելով, որ Հոկտեմբերի սկիզբը, Փրակի մէջ ստորագրուած քառակողմ փաստաթուղթով հայկական կողմը փակեց Արցախի կարգավիճակի հարցը, եւ անկէ ետք անհիմն են մեղադրանքները, թէ Ռուսիա հրաժարած է հարցի կարգաւորումը ապագային ձգելու իր առաջարկէն: Ծաւալուն՝ երկու ժամ տեւած ասուլիսին ընթացքին Լաւրով որոշ մանրամասնութիւններ տուաւ տագնապի լուծման շուրջ տարիներ շարունակուած դռնփակ բանակցութիւններէն՝ ընդգծելով, որ տակաւին տասը տարի առաջ Մոսկուա առաջարկած էր կարգավիճակի հարցը ձգել ապագային:

«Այդ մօտեցումը շատ պարզ էր՝ հայերը դուրս կու գան Ղարաբաղի շուրջ գտնուող ատրպէյճանական հինգ շրջաններէն՝ իրենց վերահսկողութեան տակ ձգելով երկու շրջաններ, որոնք կը կապէին Ղարաբաղը Հայաստանին: Այն, որ անոնք ատրպէյճանական էին՝ ոչ ոք չէր վիճարկեր, սակայն անոնց ճակատագիրը պէտք է վճռուէր Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշման փոխկապակցուած: Այդ ժամանակ ի յայտ եկաւ կարգավիճակը յառաջիկային ձգելու գաղափարը, եւ յառաջիկայ ըսելով կը հասկնայինք յաջորդ սերունդներուն», յայտնեց ան:

Լաւրով պնդեց, թէ այս մօտեցումը կենսունակ եղած է նաեւ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք՝ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն միջեւ տեղի ունեցած երեք հանդիպումներուն ընթացքին: Ճիշդ այդ հիման վրայ է, ըստ Լաւրովի, որ Մոսկուա այդ կէտը ներառած է խաղաղութեան պայմանագիրի իր տարբերակին մէջ, որ այս գարնան ներկայացուեցաւ կողմերուն: Պաքու այդ ժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնեց քննարկել հարցը, իսկ Փրակի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթէն ետք՝ Սոչիի մէջ՝ մերժեց:

«Ատրպէյճանական կողմը ըսած էր, որ գործնականօրէն պատրաստ է ընդունիլ ամէն ինչ, բայց կարգավիճակի հարցը յաւելեալ մշակման կարիք ունի: Սոչիի մէջ Հոկտեմբերի աւարտին մենք կ՛ուզէինք վերադառնալ այդ հարցին եւ հասկնալ, թէ որքանով մեր գործընկերները պատրաստ են յառաջ երթալու այն ճենթըլմենական համաձայնութեան հիման վրայ, ըստ որուն, պէտք է բոլոր հարցերը կարգաւորել, իսկ կարգավիճակը ձգել յառաջիկային: Բայց երբ անոնք եկան Սոչի, Փաշինեան եւ Ալիեւ Փրակէն բերին այդ փաստաթուղթը, որուն մէջ կը նշուի, թէ անոնք կ՛ուզեն խաղաղութեան պայմանագիր կնքել՝ ՄԱԿի կանոնադրութեան եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն», ըսաւ Լաւրով:

Ան երկու անգամ անդրադարձաւ Ալմա Աթայի հռչակագիրին եւ հեգնանքը չծածկեց ու պնդեց, թէ երբ «բոլոր կողմերը հաւանութիւն կու տան անոր՝ առանց որեւէ վերապահութեան», կարգավիճակի հարցը ինքնաբերաբար դուրս կը մնայ օրակարգէն:

«Այդ հռչակագիրը կ՛ըսէ, որ բոլոր միութենական պետութիւնները կը ստեղծեն անկախ պետութիւններու միութիւն եւ կը հաստատեն սահմաններու անխախտելիութիւնը այն սահմաններով, որոնք գոյութիւն ունէին Խորհրդային Միութեան պետութիւններու միջեւ: Այլ կերպ ասած՝ այն ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը միանշանակ Ատրպէյճանի Սոցիալիստական Հանրապետութեան մաս էր, եւ երբ անոր հաւանութիւն կու տան թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ատրպէյճան, թէ՛ Ֆրանսա, թէ՛ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ՝ ըսելով, որ առանց վերապահութեան կը ճանչնան Ալմա Աթայի հռչակագիրը, անիկա, անշուշտ, կը դիւրացնէ հետագայ աշխատանքը, որովհետեւ կը լուծէ հարցը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մօտենալ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին», յայտարարեց Սերգէյ Լաւրով՝ շարունակելով. «Այս փաստաթուղթի ստորագրութենէն ետք, երբ հայկական կողմը մեզի կ՛ըսէ՝ թող Ռուսիա պաշտպանէ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով իր առաջարկները, անիկա որոշ չափով այլ օփերայէ է, բանակցութիւններ վարելու հետ կապ չունի»:

Լաւրով աւելցուց, որ պատահական չէ, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին այնքան չի խօսիր կարգավիճակի մասին, որքան՝ Արցախի հայ բնակչութեան իրաւունքներու երաշխաւորման:

«Ատրպէյճան պատրաստ է այդ մէկուն, պատրաստ է Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն համար երաշխաւորել բոլոր իրաւունքները, զորս ունին Ատրպէյճանի միւս քաղաքացիները», դիտել տուաւ ան:

Հայկական կողմին ուղղուած թափանցիկ ակնարկներէն բացի, նախարարը նաեւ մեղադրեց Արեւմուտքը՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբ կարգաւորման գործընթացին միջամտելու, Մոսկուայի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները սեփականաշնորհելու եւ կարգաւորման միակ ձեւաչափը՝ Մինսքի խումբը տապալելու համար:

Լաւրով հաստատեց, որ պատերազմը կանգ առաւ Մոսկուայի ջանքերով, Մոսկուան առաջինն էր, որ սկսաւ աշխատիլ կողմերուն հետ՝ ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ:

«Ասոր զուգահեռ մենք կը տեսնենք այլ խաղացողներու ջղաձիգ փորձերը՝ միջամտելու այդ գործընթացներուն: Մենք ասոր նկատմամբ որեւէ հարց չենք ունեցած: Միայն թէ Երեւանի եւ Պաքուի հետ մեր կապերուն ընթացքին կը նշենք, որ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութենէն ետք Արեւմուտքը՝ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի միջոցաւ, պաշտօնապէս կը յայտարարէր, որ ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկ ձեւաչափով Ռուսիոյ հետ պիտի համագործակցի: Այսպիսով, անոնք յայտարարեցին Մինսքի խումբի գործունէութիւնը դադրեցնելու մասին: Այդ իսկ պատճառով, երբ մեր հայ գործընկերները կը յիշեն Մինսքի խումբը, մենք իրենց կ՛ըսենք, որ այդ հարցը պէտք է ուղղել ոչ թէ մեզի, այլ՝ Միացեալ Նահանգներուն ու Ֆրանսային եւ՝ անշուշտ, Ատրպէյճանին, որովհետեւ առանց Պաքուի միջնորդական որեւէ ջանք իմաստ չունի», շեշտեց Լաւրով:

Չծածկելով իր դժգոհութիւնը՝ Լաւրով միաժամանակ կասկածի տակ դրաւ այն, որ արեւմտեան այդ ջանքերը յաջողին առանց Ռուսիոյ: «Կը փորձեն վերցնել եւ իրենց ճամբով կատարել այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են կողմերուն միջեւ՝ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ: Ատրպէյճանցիները եւ հայերը քաղաքավար մարդիկ են, անոնք հոն կ՛երթան, բայց դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է քննարկել սահմանազատման եւ խաղաղութեան պայմանագիրի հարցը առանց նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու քարտէսներուն, որոնք կը գտնուին միայն ռուսական գլխաւոր շտաբին մօտ», ըսաւ Լաւրով:

Աղբիւրը ՝Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2022, 09:01