Որոնել

1104red.jpg

Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ Արցախ հասցուած դեղորայքը ընդամէնը 10 օր կըբաւարարէ

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ Դեկտեմբեր 25-ին 10 թոն մարդկայնական բեռ՝ դեղորայք, մանկական ուտելիք, բուժօգնութեան համար նախատեսուած պարագաներ, հասցուած է Արցախ

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ 25 դեկտեմբերին 10 թոն մարդասիրական բեռ` դեղորայք, մանկական ուտելիք, բժշկական օգնութեան համար նախատեսուած պարագաներ, հասցուած է Արցախ:

Դեղորայքը պիտի բաշխուի հանրապետութեան բժշկական հաստատութիւններուն` բաւարարելով 10 օրուան պահանջարկը:

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը բարձր կը գնահատէ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:

Միւս կողմէ, Արցախի տեղեկատուական շտապը հաղորդեց. «Արդէն 16-րդ օրն է, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ փակ պահել Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան: 21 մարդ, որոնցմէ 11-ը կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ: Հիւանդներէն 5-ին վիճակը ծայրայեղ ծանր է:

«Կը շարունակեն դադրեցուած մնալ բոլոր ծրագրուած վիրահատութիւնները: Չեն արտօներ 400 թոն սննդամթերք եւ դեղորայք հասցնել Արցախ»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2022, 07:50