Դեսպան Նազարեանը Գերապայծառ Կալլակերին յանձնեց Բարեկամութեան շքանշանը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին
«Դեկտեմբերի 16ին, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Կարեն Նազարեանը Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակերին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Բարեկամութեան շքանշանն՝ ի երախտագիտութիւն երկկողմ միջպետական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման ու ընդլայնման գործին մէջ Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեայի ունեցած առանձնակի դերակատարման»:
Այս մասին կը տեղեկանանք Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութեան պաշտօնական կայքէջէն։
Յիշեցնենք, որ այս տարի նշուեցաւ Սուրբ Աթոռ - Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակը։ Այդ առթիւ 25 հոկտեմբերին, Հռոմի Աստուածամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ, մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` նուիրուած «Հայաստանի Խաղաղութեան»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ