ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղարը կարեւոր նկատեց Հայաստանին օժանդակելու որոշման նախագիծը ստորագրելը
Հայաստանին օժանդակութիւն ցուցաբերելու քայլերուն վերաբերող ՀԱՊԿի ապահովութեան խորհուրդի որոշման նախագիծը պէտք է ստորագրել: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտարարեց ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս՝ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի միացեալ նիստին:
«Պետութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարութեամբ Հայաստան ուղարկուեցաւ դիտարկման առաքելութիւն մը՝ ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղարին եւ շտաբի պետին գլխաւորութեամբ: Այդ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք մշակուեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշման նախագիծ մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան օժանդակութիւն ցուցաբերելու միացեալ քայլերուն մասին, եւ անիկա քննարկուեցաւ ապահովութեան խորհուրդի 23 Նոյեմբերի նստաշրջանին: ՀԱՊԿի պետութիւններու տարբեր դիրքորոշումներուն պատճառով այդ նախագիծին ընդունումը կարելի չեղաւ յաջողցնել: Յոյս ունիմ, որ որոշ մշակումէ ետք պիտի հասնինք այս որոշման նախագիծի ստորագրութեան եւ համապատասխան միջոցներու ձեռնարկելուն: Վստահ եմ, որ անիկա անհրաժեշտ է, նաեւ՝ Հայաստանի համար», ընդգծեց Զաս:
Ան դիտել տուաւ, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր: Ըստ Զասի՝ հակառակ ՀԱՊԿի անդամ երկիրներուն անհամապատասխան գնահատականներուն՝ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ բոլոր պետութիւնները համաձայն են, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստան կը բախի վտանգներու եւ սպառնալիքներու:
«Այդ իսկ պատճառով մշակուած է Հայաստանին օժանդակութիւն ցուցաբերելու վեց կէտերէ բաղկացած ընդհանուր ծրագիր մը, որ արժանացաւ բոլոր պետութիւններու համաձայնութեան. անիկա բաւական ծանրակշիռ ծրար է», նշեց Զաս:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ