Որոնել

antelias-news-1223.jpeg

Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ Մայրավանքին մէջ միջկուսակցական հանդիպում` Բերձորի միջանցքին վերաբացման գծով

Վեհափառ հայրապետը ապա կոչ ուղղեց համասփիւռքեան տարողութեամբ եւ բոլոր համայնքներու, կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու մասնակցութեամբ, հաւաքական կեցուածք ճշդելու, դատապարտումի ձայն բարձրացնելու եւ միջանցքին շուտափոյթ վերաբացումը պահանջելու կարեւորութիւնը:

Երէկ գիշեր` ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2022-ին, կաթողիկոսանիստ մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) վերին մարմիններու ներկայացուցիչները` Ալեքսան Քէօշկերեան, դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համա-ատենապետները` Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան:

Վեհափառ հայրապետը ներկայացուց ազրպէյճանցիներուն կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միջանցքին փակման գծով միջազգային մամուլին իր կատարած յայտարարութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ հաստատած կապերը` միջեկեղեցական ու միջկրօնական շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ յիշեալ շրջանակներուն կատարած թէ՛ դատապարտումի արտայայտութիւնները եւ թէ՛ դիւանագիտական աշխատանքները: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի նախագահին եւ պետական նախարարին հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան, կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդներուն կատարած թելադրութիւններուն եւ այլ աշխատանքներու` շեշտելով հաւաքական ճիգով սփիւռքի մէջ մեր բողոքը արտայայտելու հրամայականը եւ միջազգային համայնքին պարզելու Բերձորի միջանցքին փակման ստեղծած յատկապէս մարդասիրական ծանր հետեւանքները եւ անոր շուտափոյթ վերաբացման անհրաժեշտութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը ապա կոչ ուղղեց համասփիւռքեան տարողութեամբ եւ բոլոր համայնքներու, կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու մասնակցութեամբ, հաւաքական կեցուածք ճշդելու, դատապարտումի ձայն բարձրացնելու եւ միջանցքին շուտափոյթ վերաբացումը պահանջելու կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը ընդգծեց երեք կուսակցութիւններուն կարեւոր դերը:

Ներկաները խօսք առնելով` ողջունեցին վեհափառ հայրապետին տարած աշխատանքները եւ բաժնեցին անոր մտահոգութիւններն ու տեսակէտները` շեշտելով համահայկական ճիգով ու միջկուսակցական գործակցութեամբ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ կազմակերպուելու եւ ազդու միջոցներով ու գաղութներու շրջապատին համապատասխան մօտեցումով մեր հաւաքական բողոքը արտայայտելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2022, 09:00