2022 թուականին աւելի քան 100 կրօնաւորներ առեւանգուած, ձերբակալուած կամ սպաննուած են
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Համաձայն «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» (ACS) քահանայապետական հիմնարկի «2020-2022 հաւատքի համար ճնշուած քրիստոնեաներու մասին զեկոյցի» 2022 թուականին տարբեր վայրերու մէջ սպաննուած, առեւանգուած և ձերբակալուած քահանաներու, կրօնաւորներու և հովուական ծառայութիւն մատուցողներու թիւը գերազանցած է հարիւրը: Նիճերիան այն երկիրն է, որտեղ այս տարի արձանագրուած են ամենէ շատ սպանութիւններն ու առեւանգումները: Միւս առաւել ներգրաւուած երկիրներն են. Քամերունը, Սահելը, Չատը, Նիճերը, Մալին, Պուրքինա Ֆասոն, ինչպէս նաև Հնդկաստանը, Փաքիստանը, Չինաստանը, Միանմարը, Հիւսիսային Քորէան, Հայիթին, Եթովպիան, Ֆիլիփինը:
Վերջին տարուան ընթացքին աճած են կրօնական բնոյթի հալածանքները
ACSի Իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէն` Ալեսսանտրօ Մոնթետուրոն՝ Վատիկան Նիուզի հետ զրոյցի ընթացքին բացատրած է, որ վերջին տարուան ընթացքին էլ աւելիով աճած են կրօնական բնոյթի հալածանքները. Միայն ափրիկեան երկիրներու մէջ սպաննուած է քահանայ և 5 միանձնուհի, առևանգուած՝ 42 քահանայ և 9 միանձնուհի:
Ատելութեան զոհ դարձած է գրեթէ 8000 քրիստոնեայ
Ան նշած է նաև, որ 2021- 2022 թուականներուն իրենց հաւատքի համար ատելութեան զոհ դարձած է գրեթէ 8000 քրիստոնեայ, շեշտելով, որ հալածանքի երկիրներու մէջ ապրող 400 միլիոն իրենց հաւատքը առ Քրիստոս դաւանողներու դէմ յարձակումներու հեղինակները հիմնականում ճիհատական ահաբեկչական կազմակերպութիւններ են՝ «Իսլամական պետութեան» և «Պոքօ Հարամ»-ի ծայրայեղականներ անդամները, մասնաւորապէս «ֆուլանի» համայնքին պատկանող անասնապահներ, որոնք կը փորձեն առաւելապէս տիրանալ քրիստոնեաներու մշակած հողերուն:
Բացի այդ ըստ Մոնթետուրոյի, քրիստոնէութիւնը ըլլալով սոցիալական արդարութեան առանցքը, անցանկալի է և կը խանգարէ այդ ծայրայեղական խմբաւորումներուն:
Աւելին, ատելութեան մթնոլորտ ստեղծողներուն կը վախցնէ քրիստոնէական միսիոներներու գործունէութիւնը, քանի որ սէր կը տարածէ, կը կառուցէ երկխօսութեան ուղիներ և քանի որ միսիոներները խաղաղարարներ են և մօտ են Արևմուտքին ու անոր արժէքներուն, յարած է ի վերջոյ ACSի տնօրէնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ