Որոնել

Ռուբէն Վարդանեան Ռուբէն Վարդանեան 

Արցախի ապագան Ատրպէյճանի կազմին մէջ չէ. Ռուբէն Վարդանեան

Արցախի ժողովուրդը չի տեսներ իր ապագան Ատրպէյճանի կազմին մէջ, եւ այդ մասին իր յստակ դիրքորոշումը վաղուց յայտնած է: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրառում կատարած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը:

«Ատրպէյճանը եւս պէտք է հասկանայ ու ընդունի, որ խաղաղութեան հասնելու միակ տարբերակը նոյն տարածաշրջանում կողք կողքի, բայց ոչ միասին ապրելն է: Այս մասին եւս մէկ անգամ հնարաւորութիւն ունեցայ կրկնելու Գերմանիայի հանրային՝ ZDF հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցում:

Հեռուստաալիքը ծաւալուն ռեպորտաժով անդրադարձել է Հայաստանին և Արցախին, մասնաւորապէս, սեպտեմբերի 13-ի ատրպէյճանական ագրեսիային (յարձակման) եւ դրա հետեւանքներին, ինչպէս նաեւ կադրեր հրապարակել հոկտեմբերին Ստեփանակերտի Վերածննդի հրապարակում տեղի ունեցած բազմահազարանոց հանրահաւաքից:

Համաշխարհային լրատուամիջոցների ուշադրութիւնն ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան նկատմամբ ողջունելի է», - ըսուած է գրառման մէջ։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2022, 08:40